Բնապահպանները Նաամէի Աղբանոցին Ճամբան Փակ Կը Պահեն «Սուքլին»-Ի Դիմաց
Նաամէի աղբանոցի փակումը պահանջող բնապահպանները երէկ շարունակեցին իրենց խաղաղ նստացոյցը եւ փակ պահեցին դէպի աղբանոց տանող ճամբաները:
Այս քայլին իբրեւ պատասխան, ներքին ապահովութեան ուժերը ստիպեցին ցուցարարներուն` «Սուքլին» աղբահաւաքման ընկերութեան փոխադրակառքերուն դիմաց բանալու Նաամէի աղբանոցին դռները:
Ներքին ապահովութեան ուժերը առանց դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած բերման գիրի ձերբակալեցին բնապահպան Աժուատ Այյաշը եւ անոր արգելափակումը իբրեւ ճնշումի միջոց օգտագործեցին` ցուցարարներէն պահանջելով վերջ տալ իրենց արշաւին:
Ներքին ապահովութեան ուժերը խոստացան Այյաշը ազատ արձակել, եթէ անոնք կասեցնեն բողոքի իրենց ցոյցը, սակայն պատահեցաւ ճիշդ հակառակը, բնապահպանները իրենց ցոյցին ընթացքին ոչ միայն փակ պահեցին Նաամէի աղբանոցը տանող ճամբան, այլ նաեւ իրենց պահանջներով կրցան վերադարձնել նաեւ Աժուատ Այյաշը:
Նաամէ-Այն Տրաֆիլ շրջանի բնակիչները, որոնք մաս կը կազմէին բնապահպաններուն ցոյցին, յայտնեցին, որ իրենք համաձայն են Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի այն խոստումին, որ 2015-ի սկիզբը` 17 յունուար 2015-ին, Նաամէի աղբանոցը փակելու վերջին ժամկէտն է, սակայն անոնք շեշտեցին, որ եթէ այդ թուականին պիտի փակուի աղբանոցը, ապա այդ ուղղութեամբ աշխատանքները արդէն իսկ պէտք է սկսած ըլլան, եւ «Սուքլին» ընկերութիւնը նիւթական իր պարտականութիւնները պէտք է կատարէ:
Ցուցարարները շեշտեցին, որ իրենց նստացոյցը պիտի շարունակուի քաղաքակիրթ կերպով` մինչեւ իրենց պահանջներուն իրագործումը:
Անոնք հաստատեցին, որ առիթ պիտի տան իրենց կատարուած խոստումներուն գործադրութեան եւ կառավարութեան կազմութենէն 15 օր ետք պիտի շարունակեն իրենց բողոքի նստացոյցը:
Աւելի ուշ ապահովութեան ուժերը արտօնեցին, որ «Սուքլին»-ի փոխադրակառքերը ուղղուին աղբանոց եւ պարպեն իրենց հաւաքած աղբերը, ինչպէս նաեւ ստիպեցին ցուցարարներուն վերցնելու աղբանոցին մուտքին իրենց լարած վրանները:

