Փարիզի Մէջ Մանուշեանի Որմնանկարը Պղծուած Է Հակասեմական Երգիծաբանի Մը Կողմնակիցներուն Կողմէ

ManoushianՖրանսական «Մեթրոնիուզ» թերթը կը հաղորդէ, որ ֆրանսական դիմադրութեան շարժումի մասնակից, Ֆրանսայի ազգային հերոս հայազգի Միսաք Մանուշեանի որմնանկարը, որ կը գտնուի Փարիզի 20-րդ թաղամասին մէջ, պղծուած է Ֆրանսայի մէջ արգիլուած հակասեմական երգիծաբան Տիետոնէի ներկայացումներէն մէջբերուած գրառումներով:

Որմնանկարի վարի հատուածին մէջ արքայախնձոր մը նկարուած է եւ գրուած «Շոա Նանա»(Ողջակիզումի սիրուհի. «Ա.»):

Գրութիւնները երգիծաբան Տիետոնէի վիճայարոյց սքեչի ուղղակի մէջբերումն են: Այդ արտայայտութեանց համար ան 8000 եւրօ տուգանքուած է` «զրպարտութեան, վիրաւորանքի, ատելութեան եւ ցեղապաշտական խտրականութիւն սերմանելու համար»:

Որմնանկարին վրայ գրառումները իշխանութիւնները յայտնաբերած են միայն վերջերս, թէեւ հաւանական է, որ գրառումները կատարուած են անցեալ շաբաթ:

Տեղւոյն բնակիչները Փարիզի 20-րդ թաղամասի ղեկավար Ֆրետերիքա Քալանտրան զգուշացուցած էին գրառումներուն մասին: Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ Մանուշեանի որմնանկարը վանտալիզմի զոհ կը դառնայ:

Մանուշեանի խումբը, որ այդպէս կոչուած էր ի պատիւ իր ղեկավար Միսաք Մանուշեանի, բաղկացած էր հիմնականին մէջ արտասահմանցիներէ, որոնք մասնակցած էին Դիմադրութեան: Անոնք 21 փետրուար 1944-ին Մոն Վալերիեն ամրոցին մէջ նացիներու կողմէ մահապատիժի ենթարկուած էին:

«Այսպիսի խորհրդանիշը պղծելը նոյնն է, ինչ հանրապետութեան վրայ յարձակիլը», նշած է քաղաքապետ Ֆրետերիքա Քալանտրա:

Share this Article
CATEGORIES