Ուաշինկթըն Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Մերի Հարֆ
Հինգշաբթի, 23 յունուարին, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն կոչ ուղղեցին զերծ մնալու բռնութիւններէ եւ կեդրոնանալու տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերուն վրայ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մերի Հարֆ, պատասխանելով Ազրպէյճանի կողմէ հայկական սահմանին վրայ կատարուած վերջին յարձակումին մասին հարցումի մը` ըսած է, թէ ցարդ ամբողջական տեղեկութիւններ չունի այդ միջադէպին մասին, խոստանալով այդ մասին խորհրդակցիլ պաշտօնատարներու հետ` յաւելեալ տեղեկութիւններ ապահովելու նպատակով:
Երբ լրագրողը յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը սովորաբար միայն ընդհանուր յայտարարութիւններ կը կատարէ` փոխանակ քննադատելու բռնարարքները, Հարֆ ըսած է. «Մենք յայտարարութիւններ կը կատարենք նման դէպքերու պարագային: Ակնյայտ է, որ իւրաքանչիւր իրավիճակ տարբեր է միւսէն: Բայց մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու բռնութիւններէ: Կրկին նշեմ, որ նախ պէտք է հաստատեմ դէպքերուն մասին տեղեկութիւնները: Ես պարզապէս փաստերուն ծանօթ չեմ, բայց` շնորհակալութիւն հարցումին համար»:

