«Հակառակորդը Համոզուեցաւ, Որ Սահմանին Կանգնածը Խաղաղութեան Համար Պայքարող Հայ Զինուորն Է» Կ՛ըսէ Սէյրան Օհանեան

Սէյրան Օհանեան

Սէյրան Օհանեան

2013-ին բանակը, տարի մը եւս գտնուելով խրամատի մէջ, կատարեց իր մարտական խնդիրն ու մեր նուիրեալ զաւակներու կեանքին գնով ստիպեց հակառակորդին զերծ մնալու յարձակումներէ: Հակառակորդը համոզուեցաւ, որ սահմանին կանգնածը հայ զինուոր է, որ կը պայքարի խաղաղութեան համար:

Այս մասին, ըստ Aysor.am-ի, լրագրողներուն հետ երէկուան հանդիպման ժամանակ` ամփոփելով անցած տարին` ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

«Հակառակորդը յատկապէս աշխուժ էր Տաւուշի մէջ, եղան ներթափանցման փորձեր, ցաւօք, ունեցանք կորուստներ: Նոյնինքն այս պահուն ձեր ներկայութեամբ կ՛ըսեմ, որ կը հպարտանամ  բոլոր զինուորներուն ծնողներով, որոնք հերոս զաւակներ  լոյս աշխարհ կը բերեն: Այս պահուն գլուխ կը խոնարհեմ բոլոր զինուորներուն առջեւ», ըսած է Սէյրան Օհանեան:

Նախարարը ընդգծած է, որ անցեալ տարին լուրջ ձեռքբերումներու տարի էր.

«Յիշատակման արժանի են յատկապէս մնայուն  աշխատանքները մարտական հերթապահութեան կատարելագործման ուղղութեամբ: Մենք ամրապնդած ենք մարտական յենակէտերուն մէջ մեր ճարտարագիտական կառոյցները, ինչ որ նուազագոյնի կը հասցնէ ներթափանցումներու կարելիութիւնը», ըսած է նախարարը:

Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատած է նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու համալրման նոր սկզբունքները:

Share this Article
CATEGORIES