Ալիեւ Ղարաբաղի Հարցը Քննարկած Է Զուիցերիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Bourkhalter-AliyevԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Տաւոսի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրքհալթերի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Զուիցերիոյ յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին նշուած է, որ քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթային, ներդրումային, շինարարական եւ դրամատնային մարզերուն մէջ գոյութիւն ունի մեծ կարողականութիւն, եւ հաւանական է հետագային կապերը այդ ուղղութիւններով զարգացնել:

Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ:

Քննարկուած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը:

 

Share this Article
CATEGORIES