Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կրամ մը ուշադրութիւնը առաջքը կ՛առնէ թոն մը անհանգստութեան: Այս է կեանքը լաւագոյնս ընկալելու իմաստութիւնը: Հոգ տարէք ձեր ճաշատեսակին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մշակոյթը, գեղարուեստը լաւագոյն դարմանն է ձանձրոյթը փարատելու: Թատրոն գացէք կամ նկարչական ցուցահանդէսի մը ներկայ եղէք, կը փոխուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տարուած էք աշխատանքով, ջանացէք թեթեւցնել ծանրաբեռնուածութիւնը, որպէսզի առիթ ստեղծէք յարաբերելու բարեկամներու հետ, ներկայ եղէք անոնց հրաւէրներուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ոեւէ մէկը իր խոստումը չէ յարգած ձեր նկատմամբ, մի՛ դատապարտէք, այլ համբերութեամբ սպասեցէք անոր ունենալիք չքմեղանքին: Կրնաք ներել, բայց նոյն ատեն նկատի առէք, որ չկրկնուի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խմբական աշխատանք մը պիտի կատարէք, ձեր շուրջիններուն պիտի փոխանցէք որոշ գիտելիքներ` գործին վերաբերեալ: Համբերութեամբ վարուեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ շուկայ երթաք, ցուցափեղկերուն առջեւ շատ մի՛ տնտնաք: Ձեր քսակը պարպելու չափ մի՛ ծախսէք: Խոհեմութիւնը շահ է, նկատի առէք այս միտքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ոտքերը երկարեցէք ձեր վերմակին չափով: Ճանչցէք ձեր կարողութիւնը ոչ միայն դրամական իմաստով, այլ` հոգեմտաւոր կարողականութեամբ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուր որ երթաք, նախ կարեւորութեամբ յարդարեցէք ձեր արտաքինը: Մարդիկ ձեզ կը դատեն նախ արտաքին տեսքով: Պատշաճ հագուածքը կարեւոր է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
«Յարգէ, որ յարգուիս» իմաստուն խօսք մը կայ: Չի բաւեր միայն յարգանք ակնկալել, ձեր կարգին յարգեցէք յարգանքի արժանիները` առանց անտեսելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կեանքը ապրելու լաւագոյն ձեւը նախախնամութեան ապաւինիլն է: Ձեր կամքը կարեւոր է, բայց հետապնդումը մի՛ չափազանցէք, կը սխալիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութիւնը լաւագոյն դարմանն է հոգին եւ միտքը հանդարտ եւ փայլուն պահելու: Մի՛ ծուլանաք բնութեան հետ օր մը անցընելու, ձիւն ըլլայ թէ արեւ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մէկ կողմ դրէք ձեր հոգերը, որպէսզի կարենաք ապրիլ ընտանեկան թէ ընկերային լաւ մթնոլորտի մէջ: Օրը պիտի ներշնչէ ձեզ, հնազանդեցէք:

