50 Տարի Առաջ (27 Յունուար 1964)

Կեանքը Այնճարի Մէջ

(Սեփական Թղթակցութիւն)

Կիրակի, 18 յունուար երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հակառակ ձիւնին եւ 15 աստիճան ցուրտին, «Տիգրանեան» սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր հանդիսականներով: Տեղւոյս Օգնութեան խաչի նախաձեռնութեամբ կը բեմադրուէր Կայծակ Բանուորեանի «Վրէժի ուխտաւորները»:

Նման ձեռնարկներ անհրաժեշտութիւն մը դարձած են գիւղին համար, տրուած ըլլալով, որ ձմեռուան հանգիստի շրջանին հաճելի ժամանցներ են հողագործ գիւղացիին, օգտակար եւ հաճելի ժամանց նաեւ դերակատար երիտասարդներուն, որոնք զրկուած են քաղաքի սրահներէն:

Նախքան վարագոյրին բացուիլը` «Յառաջ» վարժարանի ուսուցիչներէն Սարգիս Փանոսեան բացումը կատարեց հանդէսին. հակիրճ կերպով թուեց, թէ հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին ունեցած է շատ ուխտաւորներ, այլեւայլ մարզերու մէջ` գիրի, լեզուի, կրօնի եւ գրականութեան ուխտաւորներ, եւ այս մէկը, աւելցուց, պատկերացումն է վրէժի ուխտաւորներուն: Ապա տուաւ անհրաժեշտ ծանօթութիւններ ներկայացուելիք կտորին մասին:

Դերակատարներն էին` Շ. Քէօսէեան, Ա. Ներսէսեան, Յ. Գարագաշեան, Զ. Թաշճեան, Պ. Քէօշկէրեան, Յ. Անտոնեան, Ա. Հանտեան, Ս. Չախչախեան, Ս. Յ. Զէյթլեան, Պ. Փալթաճեան, Ս. Մեթեան, Գ. Հաւաթեան, Հ. Թաշճեան, Մ. Թիւմպերեան, Պ. Գարնաշեան, Գ. Փանոսեան եւ փոքրիկն Վ. Ղուկասեան:

Սպասուածէն շատ աւելի գեղեցիկ խաղարկութիւն յայտնաբերեցին գրեթէ բոլոր դերակատարները: Հետեւողական քիչ մը աշխատանք կը բաւէ, որ քանի մը հոգին անակնկալ արդիւնքներ ձեռք ձգեն այս մարզին մէջ:

Դերերու ուսուցման եւ դիմայարդարումի գործը յանձնուած էր Սարգիս Յ. Զէյթլեանին, գնահատութեան արժանի յաջողութիւն մըն էր թէեւ ներկայացուածը, բայց քիչ մը բծախնդրութեամբ կրնար տալ աւելին:

Միջնարարներուն եղան երկու խմբերգներ եւ մեներգեց «Յառաջ» վարժարանի աշակերտուհի Քնարիկ Աբրահամեան: Արտասանեցին Զ. Թաշճեան եւ աշակերտուհիներ` Իսկուհի Փալթաճեան եւ Վարդուհի Այնթապեան:

Փափաքելի է, որ «Տիգրանեան» սրահը գեղարուեստական վայելքի յաճախակի ժամադրավայր մը ըլլայ փարատելու համար միօրինակ գիւղին կեանքը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Լիբանանեան Օգնութեան Խաչի Էշրեֆիէի
ՄասնաճիւղինԱնդամական Հաւաքոյթը

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ, Լիբանանեան օգնութեան խաչի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին կազմակերպած անդամական խրախճանքի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 յունուար 1964, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ:

Բացման խօսքը ըրաւ ատենապետուհի Գազանճեան: Տեղեկութիւններ տուաւ վարչութեան երկամսեայ գործունէութեան եւ նոր ծրագիրներուն մասին: Թելադրեց անդամուհիներուն` համագործակցութեան նոր եռանդ եւ առաւել գործակցութիւն:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ տեղւոյն վրայ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը:

Էմմիեան եւ Գասապեան իրենց մեներգներով, Թրթրեան եւ Կարապետեան արտասանութիւններով, շրջանի նորակազմ արծուիկներու պարախումբը, հայկական եւ արաբական պարերով եւ այլ անակնկալներ խանդավառ եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:

Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:

Խանդավառութեան այս պահուն, ընդհանուր ծափերու մէջ, խօսք տրուեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լ. Սասունիին, որ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ, սփիւռքի ամբողջ տարածքին մէջ, իր 12.000 անդամուհիներով Օգնութեան խաչի օգտակարութիւններուն մասին: Շեշտեց մանաւանդ այն դերը, որ կը կատարէ այս մեծ կազմակերպութիւնը հայապահպանման մարզին մէջ:

Ինքնաբուխ արտայայտութիւններ ունեցաւ նաեւ քոյր Վերժին` մաղթելով ուժ ու եռանդ Օգնութեան խաչի բոլոր անդամուհիներուն:

Ատենապետուհի Գազանճեանի շնորհակալութեան խօսքերէն ետք, ներկաները բաժնուեցան իրարմէ լաւագոյն տրամադրութիւններով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նոր Սիսի Սուրբ Սարգիս
Եկեղեցւոյ Տօնակատարութիւնը

Վեհափառը Ժողովրդային Խանդավառ Եւ
Սրտազեղ Ընդունելութեան Արժանացաւ

Երէկ` կիրակի, 26 յունուար 1964, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան եւ փառաշուք հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութիւնը:

Ժամը 9:00-ին Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոսի, յունահայոց առաջնորդ Սահակ եպիսկոպոսի, Իրանա-Հնդկաստանի հայոց առաջնորդ Ներսէս վրդ. Բախտիկեանի, Եզնիկ վրդ. Բալայեանի եւ Պետրոս աբեղայի, Անթիլիասէն ինքնաշարժներու թափօրով եւ մոթոսիքլիստ ոստիկաններով առաջնորդուեցաւ Նոր Սիս: Սին էլ Ֆիլէն սկսեալ վեհափառը արժանացաւ ժողովրդային անդադրում ծափերու եւ սրտազեղ ընդունելութեան:

Նոր Սիսը ամբողջովին դրօշազարդուած էր լիբանանեան դրօշակներով: Յաղթական հինգ կամարներ կանգնեցուած էին, ոչխարներ զենուեցան եւ աղաւնիներ արձակուեցան:

Վեհափառի ընդունելութենէն քիչ ետք, նոյն խանդավառութեամբ եւ ծափերու մէջ ընդունուեցաւ Խադ արք. Աջապահեան, որ առողջական պատճառներով չէր կրցած մաս կազմել վեհի թափօրին:

Տօնակատարութեան ներկայ էին պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Վարդգէս Շամլեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան եւ բազմաթիւ երեւելի անձնաւորութիւններ:

Պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:

Վեհափառ հայրապետը տուաւ իր ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքը:

Տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ եւ մատաղօրհնութիւն:

Վեհափառն ու իր հետեւորդները կէսօրին ճաշի հիւրը եղան Թաղական խորհուրդի ատենապետ Արշակունի Ռաֆայէլեանի, որուն բնակարանէն ներս շուտով ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ:

***

Երէկ` կիրակի, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Արտաւազդ եպիսկոպոս եւ Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Գարեգին եպիսկոպոս հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ իրենց եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագը մատուցեցին եւ աւուր պատշաճի քարոզեցին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES