Աշխարհը Կը Փոխուի. Ցուրտ Հովը Ակնթարթի Մէջ Կը Սառեցնէ Նորվեկիոյ Ձուկերը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Այս անհաւատալի լուսանկարը առնուած է Նորվեկիոյ Լովունտ կղզիէն:

Այս անհաւատալի լուսանկարը առնուած է Նորվեկիոյ Լովունտ կղզիէն:

ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՁՈՒԿԵՐ ԿԸ ԹԱԿԱՐԴՈՒԻՆ ՍԱՌՈՅՑԻ ՄԷՋ, ԵՐԲ ՋԵՐՄԱՍՏԻՃԱՆԸ ՅԱՆԿԱՐԾ ԱՆԿՈՒՄ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ ԵՒ ՋՈՒՐԵՐԸ ԿԸ ՍԱՌԻՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ՏԵՍԱՐԱՆԸ. 

Տառեխի հսկայական վտառ մը կը լողար ջուրին մակերեսէն անմիջապէս վար, երբ Նորվեկիոյ մէկ ծոցին մէջ ցուրտ հովի պատճառով ջերմաստիճանը յանկարծ իջած է զերոյէն վար 7.8 սելսիուսի:

Ձուկերը սառած են անմիջապէս, լողալու ընթացքին, ստեղծելով աներեւակայելի տեսարան մը, զոր լուսանկարած է Ինկոլֆ Քրիսթիանսըն անունով անձ մը` կեդրոնական Նորվեկիոյ Լովունտ կղզիէն:

«Կեանքիս մէջ նման տեսարան չեմ տեսած: Որքան որ գիտեմ, նման բան չէ պատահած այստեղ», կ՛ըսէ ան:

Սովորաբար ձուկերը կրնան լողալ սառոյցին տակ: Սակայն այս անգամ անոնք բախտաւոր չէին, կ՛ըսէ ձուկերու մասնագէտ Արիլ Սլոթ, որուն համաձայն, տառեխներու վտառը հաւանաբար թակարդուած էր այն պահուն, երբ մեծ ձուկ մը զայն կը հալածէր դէպի ծովափ:

Մինչ ձուկերը ամբողջութեամբ կը մնան սառած, անդին` տեղւոյն թռչուններն ու կէտերը մեծ խնճոյք մը պիտի վայելեն, երբ սառոյցը հալի:

Share this Article
CATEGORIES