Աշխարհը Կը Փոխուի. Ժամանակաւոր Խիստ Բուսակերները Կը Բազմանան
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Խիստ բուսակերի մը ճաշը:
ժԱՄԱՆԱԿԻՆ ԽԻՍՏ ԲՈՒՍԱԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՌՆՉՈՒԷՐ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ, ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԱՄ` ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴ ՀԱՒԱՏՔԻ: ՍԱԿԱՅՆ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ԱՆՁԵՐ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԽԻՍՏ ԲՈՒՍԱԿԵՐ ԴԱՌՆԱԼ, ԹԷԵՒ` ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ:
Անզիջող մսակերի մը համար խիստ բուսակերութիւն որդեգրելը, այսինքն միսէն, ձուկէն, կաթնեղէնէն եւ հաւկիթէն հրաժարիլը կենսաձեւը յեղաշրջող քայլ մըն է:
Սակայն կենդանական սննդեղէնէն հրաժարելու հետզհետէ տարածուող այս նորաձեւութիւնը կապ չունի ընդմիշտ խիստ բուսակեր մնալու յանձնառութեան հետ, ոչ ալ կ՛ենթադրէ բարոյական կեցուածք որդեգրել միս սպառելու դէմ:
Իրօք, այս տեսակի բուսակերութիւնը կրնայ տեւել միայն քանի մը շաբաթ:
«Վիկըն սոսայըթի»-ի համաձայն, հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անձեր կ՛որոշեն խիստ բուսակեր դառնալ 7 օրուան կամ 1 ամսուան համար: 2013-ի առաջին 2 ամիսներուն ժամանակաւոր խիստ բուսակերութեան կենսաձեւը որդեգրած անձերուն թիւը 40 առ հարիւր համեմատութեամբ կը գերազանցէր 2012-ի նոյն ամիսներուն խիստ բուսակերութիւն որդեգրած անձերուն թիւը:

Պիանսէ եւ ամուսինը` Ճէյ-Զետ խիստ բուսակերութիւն որդեգրած են 22 օրուան համար, «ոգեղէն եւ ֆիզիքական մաքրազտումի» նպատակով:
Հռչակաւոր երգչուհի Պիանսէ եւ անոր ռափ երաժիշտ ամուսինը` Ճէյ-Զետ անցեալ տարի խիստ բուսակերութիւն որդեգրեցին 22 օրուան համար` յայտարարելով, թէ այս քայլը մաս կը կազմէր իրենց «ոգեղէն եւ ֆիզիքական մաքրազտումին»:
Իսկ այս տարի յունուարը բուսակերութեան ամիս հռչակած նոր արշաւ մը արդէն ներգրաւած է աւելի քան 3200 հետեւորդներ, ինչպէս կ՛ըսեն «Վիկընուըրի»-ի (ճենիուըրի ամսանունին զուգորդումը) կազմակերպիչները:
Յունուարի ժամանակաւոր խիստ բուսակերներէն շատերը դէմ չեն կենդանական սննդեղէն սպառելու գաղափարին: Սակայն անոնք հաւանաբար իրենց ներշնչումը կը ստանան անուանի դէմքերէ, որոնք որդեգրած են ընդմիշտ խիստ բուսակերի կենցաղ, ինչպէս` Օսքարի արժանացած բեմադրիչ Ճէյմս Քամերոն, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն եւ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյց:
«Վիկըն սոսայըթի»-ի համաձայն, Բրիտանիոյ մէջ շուրջ 150 հազար ընդմիշտ խիստ բուսակերներ կ՛ապրին: Այսինքն` 400 բրիտանացիէն մէկը խիստ բուսակեր է: «Վեճըթերիըն ռիսորս կրուփ» կազմակերպութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու մէջ 150 բնակիչէն մէկը խիստ բուսակեր է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երկրին մէջ 2 միլիոն խիստ բուսակերներ կ՛ապրին: Անոնք միս, հաւ, ձուկ չեն սպառեր, ոչ ալ` սպաննուած անասուններու միսով պատրաստուած որեւէ արտադրութիւն:
Սակայն կը թուի, թէ հետզհետէ աւելի ուշադրութիւն կը գրաւեն անոնք, որոնք ժամանակաւոր կերպով կ՛որդեգրեն խիստ բուսակերութիւնը:
Իւրաքանչիւր ժամանակաւոր խիստ բուսակեր կրնայ տարբեր շարժառիթներէ մղուած դիմել այս կենցաղին: Ոմանք կը փափաքին թօթափել տօնական օրերու շատակերութեան պատճառով իրենց կուտակած ճարպը, ուրիշներ զայն կը նկատեն իրենց մարմինը թոյներէ ձերբազատելու յարմար միջոց մը:
Խիստ բուսակերներու «Վիվա» կազմակերպութեան ղեկավար Ճիւլիէթ Կելըթլիի համաձայն, հիմնականին մէջ խիստ բուսակերութեան երկու պատճառ գոյութիւն ունի. առողջական նկատառումներ եւ անասուններու ստացած վերաբերմունքի յաւելեալ գիտակցութիւն:
«Թերեւս մարդիկ հակամէտ են սրտի հիւանդութեան կամ կը ջանան իջեցնել քոլեսթերոլի մակարդակը իրենց մարմնին մէջ,- կ՛ըսէ ան:- Թերեւս անոնք երեւոյթի մը ականատես դարձած են ագարակի մը մէջ: Սակայն երբ մարդիկ խիստ բուսակերութիւն կ՛որդեգրեն, սովորաբար կը մտածեն նաեւ այլ պատճառի մը մասին»:
«Այս երրորդ պատճառը, որ շատ չէ ընդհանրացած, կը վերաբերի կենսոլորտի, ինչպէս` ընդհանրական ջերմացում կամ անտառներու բնաջնջում», կը բացատրէ ան:
Համաշխարհային տնտեսութեան մասնագէտ Ռէյչըլ Հալըսի համար շատ հիմնական տեղ ունի այս պատճառը: Ան կ՛ըսէ, թէ մէկ ամսուան համար խիստ բուսակերութիւն որդեգրելու իր որոշումը կը հետապնդէ առողջական բարիքներէ օգտուելու նպատակ:
«Կարդացած եմ բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք կը բացատրեն, թէ իրականութեան մէջ ինչո՛ւ կարիքը չունինք կաթնեղէնի, թէ` կովուն կաթը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ հորմոններ, որոնք կը խանգարեն մեր մարմնին հորմոններուն գործունէութիւնը», կ՛ըսէ ան:
Սակայն այծի մազ (անկորա) արտադրող ագարակներու վերաբերող հետազօտական ուսումնասիրութեան արշաւ մը եւս մտածելու մղած է զինք:

«Կանաչեղէն կերէ՛ք, խիստ բուսակեր դարձէ՛ք». պայքար` այծի մազ (անկորա) արտադրող ագարակներու մէջ անասուններու ստացած վերաբերմունքին դէմ:
Հալըս կ՛ըսէ, թէ խիստ բուսակերի սննդականոնը «բաւական» կը տարբերի իր բնական սննդականոնէն, որ սովորաբար կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ ձուկ, հաւկիթ, այծի կաթ եւ մածուն: Ան կ՛ըսէ, թէ փոփոխութիւնը կիրարկելը համեմատաբար աւելի դիւրին է շաբթուան ընթացքին, որովհետեւ տան մէջ իր պատրաստած ճաշը կը սպառէ, սակայն շաբաթավերջին տունէն դուրս ճաշելը կը դժուարացնէ այս ձեւի սննդականոնի հետեւիլը:
«Նաեւ կը կարօտնամ կարկանդակն ու տուրմը: Անոնք մաս չեն կազմեր խիստ բուսակերի սննդականոնին, որովհետեւ կարկանդակը ընդհանրապէս կը պարունակէ կարագ եւ հաւկիթ, իսկ տուրմը` կաթ», կ՛ըսէ ան:
«Անշուշտ աւելի աշխուժ կը զգամ եւ` նուազ փքած, սակայն ընդհանրապէս նաեւ` շատ անօթի»:
Խիստ բուսակերութեան ջատագովներ կ՛ըսեն, թէ անօթութիւնը խիստ բուսակերութեան անպատեհութիւնը չէ: Կելըթլիի համաձայն, նոր խիստ բուսակեր դարձած անձեր կրնան դիւրութեամբ խուսափիլ անօթութենէն, եթէ մտածուած ձեւով պատրաստեն իրենց ճաշը: Վարսակը (օթ), ոսպը, լուբիան, ոլոռնը` բոլորն ալ կուշտ կը պահեն ստամոքսը, կ՛ըսէ ան:
Լիւք Կրահամ 32 տարեկան մարզիչ մըն է, որուն ստամոքսը բնաւ չի կռկռար, հակառակ որ իր ասպարէզին պատճառով ան մեծ քանակութեամբ ջերմուժ կը վատնէ ամէն օր: «Վեկընուըրի»-ի արձանագրուելու անոր շարժառիթը «կէս բարոյական էր, կէս` առողջական եւ կէս` փորձառական», ինչպէս կ՛ըսէ ան:
Խիստ բուսակեր դառնալը ծրագրումի հարց է Կրահամի համար: «Գրեթէ ամէն գիշեր կտոր մը միս եւ բանջարեղէն կը խորովէի իբրեւ ընթրիք: Այժմ խոհանոցիս պահարանները լեցուն են ընդեղէնի տեսակներով: Պարզապէս քիչ մը յարմարիլ պէտք էր սկիզբը»:
Լիւք աշխուժ կը զգայ այս ձեւի կենսաձեւով, ի տարբերութիւն` 10 տարի առաջ խիստ բուսակերութեան իր մէկ փորձին, որուն ընթացքին 12 տարեկան պատանիի մը երեւոյթը ստացած է, ինչպէս կը յիշէ ան:
«Գործս կը պահանջէ ուժեղ ըլլալ եւ լաւ պահել մարմինս: Այն մտավախութիւնը ունէի, թէ խիստ բուսակերութիւնը կը հակասէր այս պահանջիս: Սակայն երբ առաջին անգամ փորձած էի այս կենսաձեւը, շատ բան չէի հասկնար սննդառութենէն: Այժմ սննդառական ծրագիրներ պատրաստելը մաս կը կազմէ գործիս», կ՛ըսէ ան:
Կելըթլի կը բացատրէ, թէ խիստ բուսակերութեան նկատմամբ կեցուածքներու փոփոխութիւնը նկատելի է տղամարդոց քով: «Նախապէս շատեր կ՛ըսէին, թէ ոչ մէկ գնով կը հրաժարէին միսէն: Տղամարդիկ աւանդապահ էին, կը սիրէին կտոր մը սթէյքը եւ խորովածը: Անոնք առնական հպարտութեամբ կը շեփորէին իրենց նախասիրութիւնը: Այժմ նիւթական լաւ պայմաններով կամ բարձր դիրքեր վայելող տղամարդիկ սկսած են բացայայտել իրենց խիստ բուսակերութիւնը եւ հաստատել, թէ անիկա աւելի առողջ կենսաձեւ մըն է», կ՛ըսէ ան:
Խիստ բուսակերութիւնը անպայման չի նշանակեր ամբողջութեամբ հրաժարիլ միսէն կամ կաթնեղէնէն: Խիստ բուսակերութեան տեսակ մը` «Վի.Պի.6» սննդականոնը կը թելադրէ խիստ բուսական սննդականոնի հետեւիլ օրուան մէջ մինչեւ ժամը 6:00: Այս ձեւի սննդականոնը ժողովրդականութիւն սկսաւ վայելել անցեալ տարի, երբ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի սննդեղէնի բաժնի խմբագիր Մարք Պիթմեն գիրք մը հրատարակեց այս մասին:
Նաեւ ի յայտ եկած են տարբեր ձեւի սննդականոններ, ինչպէս` հումակերութիւն, բանջարեղէնի հիւթով մարմնի մաքրազտում, ապուրով նիհարնալու ցուցմունքներ, որոնք բոլորն ալ հիմնուած են կենդանական սննդեղէնի սպառումէն հրաժարելու սկզբունքին վրայ:
Սակայն որոշ տուեալներ ցոյց կու տան, թէ ժամանակաւոր խիստ բուսակերութիւնը միայն 2014-ի յունուարի արշաւին յատուկ երեւոյթ մը չէ: Վերջին հինգ տարիներուն Բրիտանիոյ մէջ միսէ զերծ սննդեղէնի սպառումը, ներառեալ` թոֆու, բուսական բաղադրութեամբ պըրկըրներ, կեղծ հաւու կուրծքեր, 21 առ հարիւր համեմատութեամբ բարձրացած է եւ 2013-ին արձանագրած է 625 միլիոն փաունտի վաճառք: Իսկ կաթնեղէնէ եւ ցորենի բաղադրութիւններէ զերծ արտադրութիւններու սպառումը 72 առ հարիւր համեմատութեամբ աճ արձանագրած է նոյն ժամանակամիջոցին:

Ճակնդեղի հիւթով սննդականոն:
Այս տարուան վերջաւորութեան Լոնտոնի մէջ պիտի բացուի ամբողջութեամբ բուսական արտադրութիւններ վաճառող գերմանական առաջին հանրախանութին` «Վեկընզ»-ի մէկ մասնաճիւղը, ուր պիտի վաճառուին խիստ բուսակերներու յարմար աւելի քան 6 հազար տեսակի ուտելիքներ:
Հաւանաբար կան նաեւ այլ պատճառներ, որոնք կը բացատրեն, թէ մարդիկ ինչո՛ւ սկսած են թեքիլ դէպի խիստ բուսակերութիւն: Սպառողական արտադրութիւններու վաճառքին հետեւող «Ուիչ» կազմակերպութեան համաձայն, անցեալ տարի ձիու միսի վաճառքի գայթակղութիւնը պատճառ դարձած է, որ բրիտանացիներուն աւելի քան կէսը շրջէ սննդեղէնի սպառումի իր կենսաձեւը:
Ուրիշներ կը վիճին, թէ անուանի աստղերու զօրակցութիւնը վայելող արշաւներ, ինչպէս` «Միսէ զերծ երկուշաբթիներ», որուն ջատագովներէն էր Փոլ ՄքՔարթնի, եւ որոնց նպատակն է նուազեցնել կենդանական սննդեղէնի արտադրութեան ներգործութիւնը ընդհանրական ջերմացումի վրայ, իրենց դերը ունեցած են միսի սպառումը նուազեցնելու որոշումներու մէջ:
Սակայն Կելըթլի կը հաւատայ, թէ` «կեցուածքներու մեծ յեղաշրջում մը կատարուած է» եւ «խիստ բուսակերութիւնը այլեւս արտասովոր երեւոյթ մը չէ»:
«Պայման չէ, որ մարդիկ խիստ բուսակեր դառնան, սակայն կը թուի, թէ կը գնահատեն ճիգը անոնց, որոնք կը փորձեն նուազեցնել կենդանական սննդեղէնի սպառումը: Անոնք սկսած են աւելի մեղմօրէն հակազդել եւ ներողամտութիւն հայցելու պէս ըսել` «Գիտեմ, թէ մսեղէնը վնաս կը պատճառէ սրտիս»», կ՛ըսէ Կելըթլի:
Աւելի քան 21 տարիէ ի վեր խիստ բուսակեր այս կինը խիստ բուսակերութեան սկզբունքներով չ՛առաջնորդուիր եւ լայնամիտ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ անոնց նկատմամբ, որոնք երբեմն կը խախտեն իրենց սննդականոնը:
«Որեւէ փոփոխութիւն դրական է: Որեւէ շարժառիթ, որ կ՛առաջնորդէ նուազ կենդանական սննդեղէն սպառելու, լաւ է», կ՛ըսէ ան:
«Աւելի՛ն. սակաւաթիւ են այն անձերը, որոնք ուղղակի խիստ բուսակեր կը դառնան: Ոմանք մէկ օրէն միւսը կը փոխեն իրենց սննդականոնը, սակայն ամէն օր ե-նամակներ կը ստանանք անձերէ, որոնք կը գրեն, թէ նախ հրաժարած են կարմիր միսէն, ապա` ճերմակ միսէն, ձուկէն, կաթնեղէնէն եւ այլն: Շատեր խիստ բուսակեր դառնալէ առաջ նախ բուսակեր կը դառնան: Ասիկա կապ ունի սիրտը եւ ուղեղը բանալու հետ», կ՛ըսէ ան:
Իսկ Հալըս խիստ բուսակերի սննդականոն որդեգրած է միայն այս յունուարին: Ան իր սննդականոնին մէջ ձուկ պիտի ներառէ փետրուարին եւ հաւանաբար պարարտացուցիչէ զերծ ճերմակ միս` աւելի ուշ:
«Խիստ բուսակերութեան սննդականոնը զիս մղած է մտածելու մարմնիս սպառած սննդեղէնին մասին: Ի յայտ բերած եմ շարք մը համադամ խոհագրեր, զորս պիտի շարունակեմ պատրաստել, որովհետեւ սննդարար են», կ՛ըսէ ան:
«Կը կարծեմ, թէ խիստ բուսակերութեան տեսութիւններէն շատերը տրամաբանական են եւ կ՛արժէ, որ ընդունինք անոնց մարտահրաւէրը»:
Այնպէս կը թուի, թէ ժամանակաւոր խիստ բուսակերութիւնը պիտի դառնայ յարատեւ երեւոյթ:
Ո՞վ Ի՛Նչ Կը Սպառէ
Խիստ բուսակերները ոչ մէկ կաթնեղէն, հաւկիթ կամ կենդանական սննդեղէն կը սպառեն:
Բուսակերները մսեղէնի, հաւեղէնի, ձկնեղէնի կամ սպաննուած անասուններու ոչ մէկ տեսակ կը սպառեն:
Կաթնեղէն-հաւկիթ սպառող բուսակերները ամէնէն աւելի բազմաթիւ են:
Կաթնեղէն սպառող բուսակերներ կան, որոնք սակայն հաւկիթ չեն սպառեր:
Ձկնակերները միայն ձուկ եւ ծովային պտուղներ կը սպառեն, բայց` ոչ միս:
Մսեղէնը կրճատողները կ՛որոշեն նուազ միս սպառել` բարոյական կամ կենսոլորտային նկատառումներով:
Կիսաբուսակերները երբեմն միս կամ հաւեղէն կը սպառեն: