Կարպիս Մելքոնեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ շատ սիրելի անձ մը` Կարպիս Մելքոնեանը, որ դեռ մօտիկ անցեալին ի՜նչ երազներով, ի՜նչ ծրագիրներով կ՛ապրէր այս երկինքին տակ` յուսալով նաեւ, որ իր հիւանդութեան դարմանը պիտի գտնուէր, եւ ինք պիտի մնար իր հարազատներուն եւ ընկերներուն հետ, իր շատ սիրելի Պուրճ Համուտին մէջ:
Դժբախտաբար, ուժգին «փոթորիկ»-ը հարուածեց նաեւ Կարպիսին եւ կիսատ թողուց իր բոլոր աշխատանքներն ու ծրագիրները:
Կարպիս Մելքոնեան ծնած էր 1970-ին, Մելքոն Մելքոնեանի ընտանիքի յարկին տակ` ըլլալով իր երեք քոյրերուն կրտսերագոյն եւ մէկ հատիկ եղբայրը:
Հազիւ 43 գարուններ բոլորած Կարպիս Մելքոնեան իր պատանեկան ամբողջ կեանքը անցուց «Սարդարապատ» ակումբի «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան շարքերուն մէջ, որմէ ետք արդէն դարձաւ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ: Տալէ ետք իր դաշնակցականի երդումը, աշխատանք ստանձնեց «Սարդարապատ» կոմիտէութեան տարբեր յանձնախումբերուն մէջ` հետագային դառնալով նաեւ նոյն կոմիտէի անդամ եւ մնալով միշտ լուռ ու կուսակցական գործին նուիրուած հաւատաւոր դաշնակցականը:
Երկար տարիներ ծառայեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմինին, նախ` որպէս վարիչ եւ ապա` որպէս անդամ նոյն մարմինին:
Ամուսնանալով կազմեց իր ընտանեկան բոյնը` դառնալով նուիրեալ տիպար ամուսին եւ հայր:
Բնակարանի փոփոխութեամբ փոխանցուեցաւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւն եւ իր կուսակցական կեանքը շարունակեց այնտեղ:
Ընկերական կեանքին մէջ Կարպիս Մելքոնեանը եղաւ միշտ ժպտուն, հեզ, ընկերասէր եւ պարտաճանաչ: Դժուարութիւնները յաղթահարող այս երիտասարդին համար ամէն ինչ պարզ էր, նոյնիսկ իր հիւանդութեան օրերուն: Կարպիսի կորուստը մեծ է ընկերներուն համար, որոնք պիտի չմոռնան եւ յուզումով պիտի յիշեն անոր հետ անցուցած իրենց օրերը: Եւ ինչպէս երգը կ՛ըսէ.-«Լաւագոյն տղերքը հեռանում են…»:
Կարպիս Մելքոնեան առյաւէտ հեռացաւ` մօր, այրիին, զաւակներուն, քոյրերուն եւ «Սարդարապատ»-ի ու «Գարեգին Նժդեհ»-ի բոլոր ընկերներու եւ հարազատներուն ձգելով տխուր, բայց գեղեցիկ յիշատակներ:
Թող ցուրտ հողը թեթեւ գայ վրան:
ԸՆԿԵՐ ՄԸ

