Քերիք Աւելի Քան Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
Անգլիական մամուլին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Մայքըլ Քերիք վիրաւոր ըլլալուն պատճառով աւելի քան մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ան վիրաւորուեցաւ շաբթուան կիսուն` Սանտըրլենտի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին: Սկզբունքով կը կարծուէր, որ անգլիացի միջնապահը դաշտերէն պիտի բացակայի երկու շաբաթով, սակայն ի յայտ եկաւ, որ անոր ստացած վնասուածքին տարողութիւնը ակնկալուածէն աւելի ծանր է:
Ան այսպիսով կը միանայ իր վիրաւոր խմբակիցներուն` Ուէյն Ռունիի եւ Ռոպին Վան Փերսիի:
CATEGORIES Մարզական