Այնճարի Մէջ ՀՅԴ 123-ամեակի Նուիրուած Ձեռնարկին Վաչէ Ծատուրեանի Արտասանած Խօսքը
Քրիստափոր Միքայէլեան` 31 տարեկան:
Ռոստոմ` Ստեփան Զօրեան` 23 տարեկան:
Սիմոն Զաւարեան` 24 տարեկան:
Երեք գաղափարապաշտ հեռատես երիտասարդներ քով քովի գալով` հիմնեցին Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը, որ շուտով պիտի վերածուէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեան:
Երեք յեղափոխական նկարագրով ընկերներ, ձեռք ձեռքի տալով` դրոշմեցին 19-րդ դարու վերջաւորութեան հայ ժողովուրդի ազատատենչ ու պայծառատես ըմբոստութեան գաղափարները:
Երեք իտէալապաշտ դաշնակցականներ միասնաբար վերջ դրին հայ ժողովուրդի ստրկամտութեան ու ծնունդ տուին քաղաքական արդի մտածողութեան ու կուսակցական գործելակերպին ու աշխատանքներուն:
Հայկական զարթօնքի շրջանէն ետք քաղաքական միտքն էր, որ արմատ կը նետէր, կ՛ամրագրուէր ու կը զարգանար:
Բարեփոխումներու երկար սպասումը քաղքենի հասարակութեան մօտ խարիսխ նետած էր ու կարելի չէր յեղափոխականաշունչ մօտեցումներով զանոնք ոչնչացնել: Հարկ էր արմատական փոփոխութիւն: Փոփոխութիւն մը, որ պիտի գար Քրիստափորի «Նարոտնայա վոլեա»-ի յեղափոխական-մարտական փորձառութենէն, Զաւարեանի ընկերվարական առաջադրանքներէն եւ Ռոստոմի մարքսական ծայրայեղ համոզումներէն:
Ժողովուրդի մը պատմութեան մէջ ամէնէն դժուար բաները, որ կարելի է փոխել, մտածելակերպն ու իմացական աշխարհներն են: Ինչպէ՞ս բացատրել հարիւրաւոր տարիներ խաւարամտութեան մէջ ապրած ժողովուրդի մը, որ կեանքի հոլովոյթը հիմնուած է առարկայական ու ենթակայական ազդակներուն գոյակցութեան վրայ ու անհրաժեշտ է զանոնք ուսումնասիրել, վերլուծել ու վերածել դժուարութիւնները դիմագրաւելու միջոցներու ու կայսերապաշտութեան դէմ պայքարելու: Ինչպէ՞ս «տհիմի»-ն (իսլամական պետութեան ոչ իսլամ քաղաքացիներ) պիտի հասկնար, թէ ինք եւս իրաւունքը ունի ազատ ու անկախ կեանք մը ունենալու ու ապրելու արժանավայել ձեւով, հաւասարէ հաւասար` միւս բոլոր քաղաքացիներուն նման: Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար զինել ու ապստամբութեան պատրաստել հսկայական կայսրութեան մը ներքեւ հասակ նետած ու ինքզինք «երկրորդ դասակարգի» ժողովուրդ մը դասած, բարոյալքուած զանգուած մը, եթէ չըլլային Քրիստափորը, Ռոստոմն ու Զաւարեանը:
1890 Թիֆլիս. Հայաստանէն դուրս հիմնուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը` ղեկավարութեամբ երիտասարդ մտաւորականներու, որոնց կեանքի էութիւնը ռեզոն տ՛էթրը հայ ժողովուրդի փրկութիւնն ու Հայաստանի անկախ պետութիւնն էր: Ու ինչե՜ր չկազմակերպեցին խոյանքով սլացող այս երիտասարդները:
Խենթե՞ր, թէ՞ տեսիլք ունեցող ռահվիրաներ:
Այսպէս ծնունդ առին յեղափոխական ջոկատները, զինեալ խումբերը ու թափ ստացան ֆետայական խումբերու պատրաստութիւնն ու արշաւները, օտար պետութիւններու մօտ քարոզչական աշխատանքները, դաստիարակչական բնոյթի գործուղումները, մարտական գործողութիւնները, դաւաճաններու ու դահիճներու ահաբեկումները, ցուցական գործողութիւնները (Սասնոյ ապստամբութիւն, Պանք Օթոման, Խանասորի արշաւանք` հասնելով մինչեւ Սուլթան Համիտի մահափորձին):
Նորաստեղծ կուսակցութիւնը հրապարակ իջաւ ազատագրական պայքարի մանիֆեստով մը, որ կոչ կ՛ընէր բոլոր հայերուն անխտիր` զինուորագրուելու թրքահայութեան քաղաքական ու տնտեսական ազատագրումին ի խնդիր: Աշխատանքը ծաւալեցաւ եւ ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովը վերջնականապէս որդեգրեց ռուսահայութեան խնդրի լուծման միջոցները: Այսպիսով, ՀՅԴ ծրագիրը նաեւ վերատեսութեան ենթարկուեցաւ: Վերատեսութեան ենթարկուեցան քաղաքական առաջադրանքները, ընկերային ու տնտեսական պահանջներն ու Զաւարեանի պնդումներով անվերադարձ որդեգրուեցաւ կազմակերպական ապակեդրոնացեալ աշխատելաոճը` ամրագրելով ժողովրդավարութեան անհրաժեշտ սկզբունքները: Ի՜նչ խօսք տակաւին «Դրօշակ»-ի մասին, որուն խմբագրապետները եղան նոյնինքն Քրիստափորը, Ռոստոմն ու Զաւարեանը եւ աւելի ուշ Դաշնակցութեան գաղափարախօսներէն` Միքայէլ Վարանդեանը, Ակնունին ու ապա Վրացեանն ու Ջամալեանը:
Սուրը, բահը, գրիչը կեանք առին դաշնակցական երիտասարդ ղեկավարութեամբ ու մարմնացան ռազմական, մարտական, քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական ու դաստիարակչական աշխատանքներուն ու գործերուն մէջ: «Յարատեւ կռիւ»-ի գաղափարախօսը ի՛նք եղաւ տիպար օրինակ եւ հետեւորդներուն ու գաղափարակիցներուն ու կեանքը տուաւ դաշնակցական պատասխանատուութեամբ իրեն վստահուած գործի ընթացքին:
Սուրբ երրորդութեան համար չկային մեծ ու փոքր աշխատանքներ, սեւ ու ճերմակ գործեր, այլ կային դաշնակցական գիտակցութեան համազօր հայրենակերտ գործեր: Դաշնակցական երիտասարդ ղեկավարները չղեկավարեցին կազմակերպութիւնը գրասենեակներու մէջէն, գրասեղաններու ետին նստած: Անոնք աշխուժօրէն մասնակցեցան բոլոր աշխատանքներուն ու անվերապահօրէն պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին ձախողութիւններուն ու ենթարկուեցան ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներու կամքին: Կամք մը, որ բոլոր անհատներէ ու անհատականութիւններէ վեր ու բարձր է, գերակշռող ու անշահախնդիր մօտեցումներու արտայայտութիւնը մարմնաւորող: Այդպէս էր 123 տարիներ առաջ, այսպէս է նաեւ այսօր: 1913-ին, իր մահէն քանի մը ամիսներ առաջ Սիմոն Զաւարեան կը գրէր. «Այն տարակարծութիւնները, որոնք կան ժողովրդի ու կուսակցութիւնների, տարբեր կուսակցութիւնների եւ կուսակցական զանազան խաւերի կամ անհատների միջեւ, զանազան արտայայտութիւններ են մարդկային ազատ ու յառաջդիմող մտքի: Այդ կարծիքներէն եւ ոչ մին կարող է բացարձակ եւ մշտական ճշմարտութեան յաւակնութիւնն ունենալ: Փոխադարձ համոզումէն եւ մտքի կատարեալ ազատ արտայայտութենէն միայն կարող է ծնիլ իսկական ճշմարտութիւնը. անոր վրայ միայն կարող է հաստատուել մարդկային յառաջդիմութիւնը»:
Համամարդկային արժէքներով զինուած «աշխարհիկ սուրբը», «խարազանող մարգարէն», «մաքրագոյնը մաքուրներէն»` Սիմոն Զաւարեանը պիտի հասնէր մինչեւ Լիբանան ու հիմը պիտի դնէր դաշնակցական ուսանողական միութեան, որ հետագային պիտի վերածուէր Զաւարեան ուսանողական միութեան, որ ի դէպ, այս տարի, 2014-ին, կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը:
Տակաւին ի՞նչ ըսել դաշնակցական բարոյական արժէքներուն ու ըմբռնումին մասին: Ահա թէ ինչպէ՛ս զայն կը բնորոշէ Կարօ Սասունին: «Եթէ հայ ժողովուրդի գերագոյն նպատակներուն համար անհրաժեշտ եւ կենսական ուժ մըն է ՀՅԴ-ն, դաշնակցական կազմին համար ամէնէն կարեւոր եւ կենսական տարրը իր յեղափոխական բարոյականն է… Մեր կազմակերպութեան ներքին կեանքի մաքրութեան, կարգապահութեան եւ անշահախնդիր անձնազոհութեան համար յեղափոխական այդ բարոյականը վերանորոգիչ եւ կազդուրիչ գլխաւոր ազդակ մըն էր եւ այդպէս ալ կը մնայ այժմ: Քրիստափորները, Ռոստոմներն ու Զաւարեանները ծնունդ տուին նորօրեայ երիտասարդ դաշնակցականներուն, որոնք իրենց կարգին բազմացան ու բազմապատկուեցան եւ դաշնակցականավայել ձեւով, իրենց նախկիններուն նման լծուեցան աշխատանքի, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ հայ ժողովուրդը մնաց առանձին ու լքուեցաւ այսպէս կոչուած քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ: Ինչպէ՞ս բացատրել, թէ միլիոնաւոր զոհեր տուած ժողովուրդ մը պիտի կարենար կերտել սարդարապատեան յաղթանակը ու հռչակել ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Ինչպէ՞ս: Պարզապէս նոր եւ երիտասարդ դաշնակցական ղեկավարները, յառաջ երթալով հայ ժողովուրդի արտայայտած տրամադրութիւն, անսալով անոր կոչին` իր լրումին հասցուցին ազատ եւ անկախ հայրենիք ունենալու տեսլականը: Դարձեալ դաշնակցական ղեկավարներ ու դարձեալ երիտասարդ «խենթեր» իրականացուցին «Նեմեսիս» գործողութիւնը ու արդար պատիժը տուին թալէաթներու վոհմակին»:
Սիրելիներ, ընդհանրապէս կ՛ըսենք, թէ ժողովուրդի մը ապագան իր ներկայ երիտասարդութիւնն է: Սխալ է: Ժողովուրդի մը ապագան եւ ապագայի երիտասարդութիւնն է, իսկ ներկան` ներկայ երիտասարդութիւնը: Ի՞նչ պիտի կարենար ընել ՀՅԴ առանց իր գաղափարապաշտ երիտասարդներուն, ղեկավար ուսանողներ, Դաշնակցութեան էութիւնը իւրացուցած մտաւորականներն ու յեղափոխական աւանդը մարմնացուցած ազատամարտիկներ:
Ինչպէ՞ս պիտի կարենար հայ ժողովուրդը շրջանցել Ցեղասպանութեան արհաւիրքը, կազմակերպել իր գաղութները, հիմնել իր ակումբներն ու դպրոցները, շինել իր եկեղեցիները, ամուր պահել իր մշակոյթը, կերտել քաղաքական միտքեր ու անխաթար երազել Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի մասին` առանց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: 123-ամեայ ՀՅԴ-ն սոսկ քաղաքական կուսակցութիւն մը չէ: 123-ամեայ ՀՅԴ-ն հայոց ժամանակակից պատմութեան հիմնական մասնիկն է, եթէ ոչ` կարեւորագոյնը, այնքան մը, որ սփիւռքեան իրականութիւնը կը նոյնանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զարգացման հոլովոյթին հետ:
Արդեօք 1965-ին, Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով ծայր առած համահայկական շարժումը տեղի պիտի ունենա՞ր առանց երիտասարդ դաշնակցականներու անգնահատելի զոհողութիւններուն: Պատմութեան մասնագէտներն ու պատմաբանները երբեմն կ՛արծարծեն այլընտրանքային պատմութեան ոլորտներուն մասին: Եթէներու շարք մը, որուն վախճանական պատասխանը կրնայ բացարձակ ճշմարտութիւն մը չըլլալ, սակայն կրնայ ունենալ որոշ տոկոսով առարկայական բացատրութիւնը: Եթէ փորձենք այլընտրանքային պատմութեան ջատագովը ըլլալ, պիտի ըսէինք, որ եթէ ՀՅԴ գոյութիւն չունենար, տեղի պիտի չունենային 1965-ի պոռթկումները, ոչ ալ զինեալ պայքարը, ոչ ալ թուրք դեսպաններու ու հիւպատոսներու ահաբեկումները, ոչ ալ Ղարաբաղեան շարժումին ազգային արեւելումը: Աշխարհասփիւռ Հայ դատի մարմինները պիտի չստեղծուէին եւ 30-է աւելի երկիրներ պիտի չորդեգրէին Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւերը: Մեր անմիջական կեանքին մէջ տեղ պիտի չունենային ՀՕՄ-Ը, ՀՄԸՄ-ը եւ Համազգայինը:
Այսուհանդերձ, վստահ ենք նաեւ, որ այլընտրանքային պատմութեան համակիրներն ու մենք պիտի ըսէինք, որ եթէ ՀՅԴ-ն գոյութիւն չունենար, հայ ժողովուրդը ծնունդ պիտի տար Քրիստափորներու, Ռոստոմներու ու Սիմոն Զաւարեաններու, որոնք 31, 23 եւ 24 տարեկանին պիտի հիմնէին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որովհետեւ կարելի չէ պատկերացնել հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութիւնը առանց անոր:
Այսօր մարտահրաւէրները շատ են` թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներուն վրայ: Հայապահպանում, հայրենադարձութիւն, արտագաղթ, հայ գաղութներու ապահովութեան խնդիր, Արցախի անկախութիւն, հայ-թուրք համաձայնագիր, սահմանի բացում, Ջաւախքի ու Նախիջեւանի հայկական դիմագիծի պահպանում, Հայաստանի քաղաքական ու տնտեսական արեւելում, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակում ու տարբեր տարբեր տարաբնոյթ հարցեր: Աշխատանքը ծանր է: Սակայն վստահ ենք, որ 123 տարիներ ետք դարձեալ խիզախ դաշնակցականներ պիտի վերցնեն նետուած ձեռնոցը ու իւրաքանչիւր դաշնակցական պիտի սուրայ ճակատամարտ ու պիտի պոռայ «ես Դաշնակցակա՛ն եմ» ու պիտի յիշեցնէ բոլորին ընկ. Հրաչ Տասնապետեանի խօսքը. «Արժանի ըլլալու համար լրիւ ու լա՛ւ Դաշնակցական մարդու դժուար կոչումին, Դաշնակցութեան համար, անոր հետապնդած նպատակներուն համար, որոնց հաւա՛տքը ունինք, ամէն օր քիչ մը աւելի` պիտի դաշնակցականանա՛նք, ու ճակատամարտէն արձագանգը պիտի լսե՛նք, այո՛, պիտի դաշնակցականանա՛նք
յանուն Քրիստափորի,
պիտի դաշնակցականանա՛նք յանուն Ռոստոմի,
պիտի դաշնակցականանա՛նք յանուն Զաւարեանի,
պիտի դաշնակցականանա՛նք յանուն հայ ժողովուրդի,
պիտի դաշնակցականանա՛նք յանուն Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի,
պիտի դաշնակցականանա՛նք,
պիտի դաշնակցականանա՛նք,
պիտի դաշնակցականանա՛նք»:
18 յունուար, 2014կ

