Թմրամոլութեան Ախտը Մտահոգիչ Երեւոյթ Է…
ՍԻՐՈՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ
Մոլութիւնները վարուելակերպի ձեւեր են, որոնց ընդմէջէն անհատը կը միտի յարատեւօրէն փնտռել նիւթ մը եւ տեւաբար օգտագործել զայն` հաճելի զգացում մը ունենալու նպատակով: Կախեալութեան իրավիճակ մը, որ սովորութեան վերածուած կ՛ըլլայ:
Կան հոգեբանական մոլութիւններ, ինչպիսիք են` խաղամոլութիւնը, ուտելը եւ այլն… եւ վատ մոլութիւններ` ալքոլի եւ ծխախոտի չարաշահումը եւ թմրեցուցիչ նիւթերու օգտագործումը:
Իւրաքանչիւր մոլութիւն կիրարկելու համար անհատը ճիգ, նիւթական, ժամանակ եւ աղբիւր չի խնայեր, կը զոհէ ամէն ինչ` իր հոգեվիճակը բարելաւելու ակնկալութեամբ:
Թմրամոլութիւնը 21-րդ դարու մտահոգիչ երեւոյթներէն մին է, որովհետեւ աշխարհի ամբողջ մարդկութիւնը, առանց տարիքի, սեռի, ցեղի եւ գոյնի խտրութեան, հակամէտ են անոր ճանկերուն մէջ իյնալու եւ դիմագրաւելու զանազան տեսակի դժուարութիւններ եւ ախտաբանական վիճակներ:
Ասիկա ընկերային եւ առողջապահական լուրջ հարց է, անհրաժեշտ է նկատի առնել զայն, պայքարիլ անոր դէմ համապատասխան լուծումներ գտնել` առաջքը առնելու մտադրութեամբ, որովհետեւ անիկա պատճառ կը դառնայ շատ մը հիւանդութիւններու, արկածներու, ոճիրներու, անձնասպանութիւններու, բռնաբարութիւններու, ընտանեկան քայքայումներու, մինչեւ իսկ` մահացութեան:
Թմրամոլը կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ եւ ախտաբանական վիճակներ, ինչպիսիք են` ֆիզիքական եւ հոգեկան կախեալ վիճակ, անբարոյական կեցուածք, մտերիմներու կորուստ, բնաւորութեան փոփոխութիւն, յարձակողական հոգեվիճակ, յոգնածութիւն, վախի զգացում, վարակիչ հիւանդութիւններ, մտային աշխատանքի նուազում, ուսանողի մօտ սորվելու դժուարութիւն եւ բանտարկութիւն:
Ընդհանրապէս թմրամոլութիւնը կը սկսի հաշիշով եւ կը հասնի աւելի վտանգաւոր թմրեցուցիչներու, ինչպիսիք են` քոքայինը, հերոյինը եւ այլն:
Իւրաքանչիւր տեսակի գործածութեան ժխտական հետեւանքները տարբեր մակարդակներու կ՛ըլլան, օրինակ` անոնք անհատին մօտ կը յառաջացնեն առողջական լուրջ հարցեր, բերանի չորացում, աչքերու կարմրութիւն, գլխացաւ, ախորժակի կորուստ, յուսահատութիւն, աչքի բիբի փոքրացում, սրտի անբնական աշխատանք, շնչառական օրկաններու վնասում եւ այլն, եւ վերջապէս` բուռն պահանջ եւ կախուածութիւն, որովհետեւ օրէ օր տուեալ ժխտական հետեւանքները բազմանալով` անհատին համար դժուար կ՛ըլլայ ձերբազատիլ անոնցմէ:
Իսկ եթէ հարց տանք, թէ ի՞նչ են պատճառները, որոնք անհատը կը մղեն թմրամոլութեան`
– Գիտելիքի պակասը
– Ընկերային շրջանակի ճնշուածութիւնը
– Տկար անհատականութիւնը
– Կեանքի արագ եւ հեւքոտ ընթացքը
– Ինքնավստահութեան զգացումի թերի կազմաւորումը
– Գերլարուածութիւնը
– Կամքի պակասը
– Ոչ ներդաշնակ, սիրով լեցուն ընտանեկան մթնոլորտի պակասը եւ այլն:
Ծնողք, ուսուցիչ, պատասխանատու կամ ղեկավար` մեծ դեր կրնան ունենալ թմրամոլութեան կանխարգիլման մէջ. ատոր համար անհրաժեշտ են`
– Մեր զաւակներուն ճշգրիտ տեղեկութիւններ տալ թմրեցուցիչին եւ թմրամոլութեան մասին:
– Նախազգուշական դասընթացքներ կազմակերպել:
– Պատանիներուն ինքնավստահութիւնը զօրացնելու միտումով կարգ մը գործեր վստահիլ անոնց:
– Ճնշուածութենէ ձերբազատիլ եւ հանգստանալու այլ միջոցներ ստեղծել, ինչպէս` ակմբային կեանք, մարզանք:
– Յայտնաբերել մեր զաւակներուն տաղանդը եւ առիթ տալ զարգացնելու իրենց նախասիրած ձիրքերը:
– Սորվեցնել օգտակար դառնալ ընկերութեան մէջ:
– Ընտանեկան համերաշխ եւ ներդաշնակ մթնոլորտ ստեղծել:
– Մօտէն հետաքրքրուիլ եւ հետեւիլ մեր զաւակներուն ապրելաձեւին, արտաքին եւ ներքին հոգեկան փոփոխութիւններուն, մանաւանդ` արբունքի շրջանին:
– Ծնողք-զաւակ երկխօսութիւն ստեղծել:
– Առաջնորդել, որպէսզի կարենան զանազանել օգտակարը վնասակարէն եւ չշահագործուիլ շրջապատին կողմէ:
– Անհատականութիւնը զօրացնել, որպէսզի «ոչ» ըսէ վնասակար երեւոյթներուն եւ կեցուածք ճշդէ անոնց դէմ:
Իսկ որեւէ նկատելի փոփոխութեան պարագային, անյապաղ դիմել մասնագէտ խորհրդատուի մը` անոր կարծիքը առնելու համար (որքան շուտ, այնքա՛ն լաւ):
Տրուած ըլլալով, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, գաղութիս մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, դպրոցներուն, ակումբներուն եւ կուսակցութիւններուն նման, մտահոգիչ երեւոյթ կը նկատէ թմրամոլութեան ախտը, որ վտանգ կը սպառնայ մեր երիտասարդութեան, անոր լուծումը անհրաժեշտ հրամայական նկատելով` ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը ձեռնարկած են սոյն նիւթով դասախօսութիւններ կազմակերպել Լիբանանի տարածքին մէջ գործող ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերէն ներս, ուր սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրութիւններ կը տրուին ներկաներուն թմրամոլութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոնց կը բաժնուի վերոյիշեալ նիւթով պրակներ` պատրաստուած յանձնախումբին կողմէ: Ներկայ գտնուինք սոյն դասախօսութիւններուն եւ մեր «ոչ»-ը ըսենք թմրամոլութեան` միշտ յիշելով, որ թմրամոլը կարիքը ունի մասնագիտական միջամտութեան, նախ հիւանդանոցային, ապա` ապաքինման կեդրոնի մը մէջ:
18 յունուար, 2014

