«Օրֆընզ Աֆ Տը Ճենոսայտ» Վաւերագրական Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը Այնճարի Մէջ
Շաբաթ, 25 յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օրֆընզ աֆ տը Ճենոսայտ» («Ցեղասպանութեան որբերը») վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, գործակցութեամբ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին եւ ներկայութեամբ «Արմենոյիտ» խումբի հիմնադիր եւ շրջանային չորս «Էմմի» մրցանակներու տիրացած բեմադրիչ Պարետ Մարոնեանի:
Ձեռնարկը սկսաւ լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որուն յաջորդեց բացման խօսքը` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Փիլաւճեանի կողմէ:

Կարօ Փիլաւճեան

Այնճարի քաղաքապետը կը պարգեւատրէ Մարոնեանը
Կարօ Փիլաւճեան ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս յարգելու ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը, ապա ան յիշեց հերոսական պայքարը Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած որբերուն, որոնք կրցան աշխարհին ցոյց տալ հայու բարձր որակը: Ան յաջողութիւն մաղթեց բեմադրիչին` անոր նոր ծրագիրներուն իրագործման մէջ եւ հրաւիրեց ներկաները հետեւելու ժապաւէնի ցուցադրութեան:
90 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէնը իր ցուցադրութեան աւարտին արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատանքին:
Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան գնահատանքի եւ քաջալերանքի իր խօսքերէն ետք բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանը պարգեւատրեց Այնճարը խորհրդանշող շքանշանով մը:
Բեմադրիչը իր սրտի խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց ժապաւէնը Այնճարի մէջ ցուցադրելու այս առիթին համար` նշելով, որ Այնճարի մէջ անցուցած է իր մանկութեան եւ երիտասարդութեան մեծ մասը եւ ուրկէ իրեն մնացած են լաւագոյն յիշատակները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պէզիքեան ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ժապաւէնին պատրաստութեան:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու բեմադրիչին:

