Կազմակերպութեամբ «Փիեռ Ժեմայէլ» Եւ Լօխ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոններուն. «Առողջապահութեան Օր»-ուան Ծառայութիւններէն Օգտուեցան Մեծ Թիւով Քաղաքացիներ

samiԿազմակերպութեամբ «Փիեռ Ժեմայէլ» ու ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոններուն եւ գործակցութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողական միութեան ու ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, շաբաթ, 25 յունուարի առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00-ը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջապահութեան օր» մը, որուն ընթացքին անվճար կատարուեցան շաքարի, թրիկլիսերիտի, քոլեսթերոլի, Հ. Փիլորիի եւ արեան ճնշումի քննութիւններ, սրտի ժապաւէն, ինչպէս նաեւ տեսողութեան, ականջի, կոկորդի եւ լսողութեան քննութիւններ:

sami1Շրջանէն մեծ թիւով բնակիչներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն այցելեցին կեդրոն եւ իրենց տրամադրուեցան առաջարկուած ծառայութիւնները:

Նոյն օրուան կէսօրին կեդրոն այցելեցին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որոնք զրուցեցին կեդրոն այցելած շրջանի բնակիչներուն հետ, ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի վարչութեան անդամները երեսփոխան Ժեմայէլին ծանօթացուցին կեդրոնի զանազան բաժինները եւ հոն մատուցուող ծառայութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին:

Երեսփոխաններ Բագրատունի եւ Ժեմայէլ բարձր գնահատեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի աշխատանքները:

 

Share this Article
CATEGORIES