Էրտողանի Որդին Պատրաստ Է Փտածութեան Գայթակղութեան Ծիրին Մէջ Ցուցմունք Տալու

Պիլալ Էրտողան
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդին` Պիլալ Էրտողան, պատրաստ է ցուցմունք տալու երկրին մէջ շարունակուող փտածութեան գայթակղութեան ծիրին մէջ:
Անոր փաստաբանը` Ահմեթ Պիլալ յայտնած է, որ Պիլալ Էրտողան տակաւին վկայութիւն տալու չէ կանչուած: «Սակայն հանրութեան կ՛ուզենք յայտնել, որ ան պատրաստ է վկայութիւն տալու», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ 17 դեկտեմբերին Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ զանգուածային ձերբակալութիւններ տեղի ունեցած էին` երկրին մէջ բացայայտուած փտածութեան գայթակղութեան լոյսին տակ:
Ձերբակալուած էին տասնեակներով մարդիկ, որոնց շարքին` յայտնի գործարարներ, պաշտօնատարներ եւ նախարարներու որդիներ:
Անոնք կը մեղադրուին փտածութեան, մաքսանենգութեան եւ թմրեցուցիչներու վաճառքի յանցանքով: Շրջանառութեան մէջ դրուած էր նաեւ Թուրքիոյ վարչապետի որդիին անունը:

