Չինաստան Հրապարակած Է Ուաշինկթըն Հասնելու Կարողութիւնը Ունեցող Միջցամաքամասային Հրթիռի Լուսանկարը

«Տոնկֆենկ-31» հրթիռը
«Վրեմիա»` յղում կատարելով «Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Չինաստանի իշխանութիւնները հրապարակած են միջցամաքամասային «Տոնկֆենկ-31» հեռահաս հրթիռներու առաջին լուսանկարները:
«Զինուորական փորձագէտները կը կարծեն, որ ասիկա Միացեալ Նահանգներուն ուղղուած նախազգուշացում է, որպէսզի չմիջամտեն Ճափոնի հետ Սենքաքու (չինարէնով Տիաոյուտաօ) կղզիի համար տարածքային վէճին», գրած է օրաթերթը:
Երկու ասիական երկիրներն ալ կը յաւակնին տէր ըլլալ կղզիին, որ ներկայիս Ճափոնի վերահսկողութեան տակ է:
Անցեալ տարուան նոյեմբերին Չինաստան յայտարարած էր վիճելի տարածքին շուրջ իր հակաօդային պաշտպանութեան գօտիին ստեղծման մասին` բոլոր օդանաւերէն, ներառեալ` առեւտրական օդանաւային ընկերութիւններուն պատկանող օդանաւերէն պահանջելով նախապէս տեղեկացնել երթուղիի մասին:
«Տոնկֆենկ-31»-ը կրնայ հիւլէական ռազմագլուխ հասցնել մինչեւ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափն ու Եւրոպայի որոշ մեծ քաղաքներ:
Փորձագէտը հոնկքոնկեան թերթին ըսած է, որ նոր լուսանկարներու հրապարակումը պատասխան է Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճափոնական Օքինաուա ռազմակայանին մէջ 12 կործանիչներու տեղակայման: Չինաստան այդ քայլին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ տարածքային վէճին միջամտելու մտադրութիւն կը տեսնէ:
Փենթակոն յայտարարած է, որ չինական հրթիռը պատրաստուած է օգտագործելով Միացեալ Նահանգներու հակահրթիռային պաշտպանութեան ճարտարագիտութիւնը, որ ստացուած է լրտեսութեան ճամբով:

