Թուրքիոյ Մէջ 350 Տարուան Հայկական Եկեղեցին Վերածուած Է «Մօր Եւ Մանկան Կրթական Կեդրոն»-ի

Կրթական կեդրոնի վերածուած հայկական եկեղեցին
«Հայ Թերթ»-ը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտ նահանգին մէջ 350 տարուան հայկական կաթողիկէ եկեղեցին վերածուած է չքաւոր կիներու եւ անոնց երեխաներու կրթական կեդրոնի եւ ստացած «Մօր եւ մանկան կրթական կեդրոն» անուանումը:
Տիգրանակերտի Սուրի շրջանին մէջ 1850-էն ի վեր իբրեւ մզկիթ ծառայած հայկական կաթողիկէ եկեղեցին վերականգնած է հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդին կողմէ:
Վերակառուցման աւարտէն ետք շէնքը շահագործման եւ պահպանութեան համար յանձնուած է Սուրի քաղաքապետարանին, իսկ եկեղեցւոյ կից քահանայի կեցարանի բաժինը վերածուած է կրթական կեդրոնի:
80 աշակերտի համար նախատեսուած այս կացարանին մէջ մայրերուն եւ անոնց զաւակներուն գրել ու կարդալ կը սորվեցնեն:
CATEGORIES Հայկական

