Ուքրանական Տագնապ. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ Վարչապետի Պաշտօնը Ստանձնելու Առաջարկը
Ուքրանական ընդդիմութեան ղեկավար Արսենի Եացենիուք նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի` զինք վարչապետ նշանակելու առաջարկը մերժելէ ետք յայտնեց, որ բողոքի ցոյցերը պիտի շարունակուին:
Եացենիուք ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը ընդհանուր առմամբ համաձայն է ղեկավարութիւնը ստանձնելու, սակայն բաւարարութիւն պէտք է տրուի շարք մը կարեւոր պահանջներու, ներառեալ` նոր ընտրութեանց:
Նախագահը Եացենիուքի առաջարկած էր վարչապետի պաշտօնը, իսկ մէկ այլ ընդդիմադիր ղեկավարի` բռնցքամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Վիթալի Քլիչքոյին` փոխվարչապետի պաշտօնը:
Կիրակի օր արեւելեան Ուքրանիոյ եւ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ հազարաւորներ սգացին անցեալ շաբաթ սպաննուած ցուցարար մը:
Երէկ դարձեալ բախումներ տեղի ունեցան Քիեւի, Օտեսայի եւ Տնեփրոփեթրովսքի մէջ:
Շաբաթ օր ցոյցերը տարածուած էին դէպի աւելի հեռաւոր արեւելեան շրջաններ, ներառեալ` Քիեւի արեւմուտքը գտնուող Վիննիցիա քաղաքը: