Իսլամ Կրօնաւորները Բողոքի Նստացոյց Մը Կատարեցին Պաշտպանութեան Նախարարութեան Կեդրոնին Դիմաց

Պեքաայի միւֆթի Խալիլ Մէյսի հովանաւորութեամբ երէկ կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 3:00-ին, խումբ մը իսլամ կրօնաւորներ հասան պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոն, ուր անոնք խորհրդանշական նստացոյց մը կատարեցին` բողոքելով լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ շէյխ Օմար Աթրաշի ձերբակալութեան դէմ:

Իսլամ կրօնաւորներուն անունով խօսք արտասանեց Պեքաայի շէյխերէն Խալետ Արիֆի, որ հարց տուաւ, թէ արդեօք բանակը բանակի նման կը վարուի՞, թէ՞ աւազակախումբի:

Շէյխերը շեշտեցին, որ իրենք չեն ընդունիր Աթրաշի հետ կատարուած հարցաքննութեան իբրեւ հետեւանք արձանագրուած խոստովանութիւնները, որոնք իրաւաբաններու բացակայութեան կատարուած են եւ բռնի ուժի ներքեւ:

Արիֆի նշեց, որ շէյխ Օմար Աթրաշ սուրիացի գաղթականներուն օգտակար կը դառնար` ընդգծելով, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը պիտի չարտօնէ, որ երկրին մէջ երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւնը որդեգրուի:

Շէյխերը հանրապետութեան նախագահէն, վարչապետէն, բանակի հրամանատարէն եւ գաղտնի սպասարկութեան պետէն պահանջեցին լուրջ կեցուածք որդեգրել` հարց տալով, որ եթէ կացութիւնը այս ընթացքով շարունակուի, ապա ի՞նչ ապահովական կայունութեան մասին է, որ կը խօսուի:

«Մենք տակաւին կրնանք զսպել մեր երիտասարդները, սակայն եթէ անիրաւութիւնը շարունակուի, ապա բոլորը պիտի զղջան այնպիսի պահու մը, որուն ընթացքին զղջումը անօգուտ է», սպառնացին կրօնաւորները:

Անոնք իրենց յայտարարութիւնը եզրափակեցին պահանջելով Օմար Աթրաշի ազատ արձակումը:

Նախքան նստացոյցը պաշտպանութեան նախարարութեան հասած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, նախարարութեան կեդրոնին բոլոր մուտքերը փակուեցան:

Նշենք, որ Օմար Աթրաշ անցեալ ուրբաթ օր բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ձերբակալուած էր անձնասպանական գործողութեան հեղինակներուն եւ ականուած ինքնաշարժներուն դէպի Լիբանան մուտքը ապահովելու կասկածով:

Աւելի ուշ, տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ հարցաքննութիւններուն ընթացքին շէյխ Աթրաշ խոստովանած է, որ ինք կը գործակցի ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ եւ  ականուած ինքնաշարժներուն Լիբանան մուտքը կ՛ապահովէ:

Share this Article
CATEGORIES