Մանսուր. «Կեցուածքներէս Անշեղ Պիտի Մնամ»

Հիմնարկէքի արարողութենէն պահ մը

Հիմնարկէքի արարողութենէն պահ մը

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին հիմնարկէքը կատարեց Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կառուցուելիք  արտաքին գործոց նախարարութեան նոր կեդրոնին:

Ան յայտնեց, որ այդ կեդրոնը պէտք է ցոյց տայ Լիբանանի քաղաքակիրթ դիմագիծը` աւելցնելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանի փայլուն դէմքը:

Անդրադառնալով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած կեցուածքին եւ անոր դէմ կատարուած արշաւին` Մանսուր ըսաւ, որ ինք անշեղ պիտի մնայ իր կեցուածքներէն, այնքան ատեն որ այդ տեսակէտները կը ծառայեն Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն շահերուն:

«Ինչ ալ ըլլան այդ արշաւներուն տարողութիւնը, ես կառչած կը մնամ արտայայտած տեսակէտներուս, որովհետեւ անոնց շնորհիւ երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը իր ճիշդ հունին մէջ կը մտնէ», ըսաւ ան:

Ան շեշտեց, որ խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտայայտած կեցուածքները ինք հանրապետութեան նախագահին հետ համադրած է:

Հիմնարկէքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, որ յայտնեց, թէ աւելի քան քառասուն տարի ետք ժամանակը հասած է արդէն, որ Լիբանան ունենայ արտաքին գործոց նախարարութեան արժանավայել կեդրոն մը:

 

Share this Article
CATEGORIES