Պըրրի Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Հէյլ եւ Պըրրի

Հէյլ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու օգնական Ալի Համտան:

Միւս կողմէ, Հէյլ ուղղուեցաւ Ռիատ, ուր  հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Ռիատի մէջ Հէյլ իր ունենալիք հանդիպումներուն ընթացքին պիտի կեդրոնանայ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուելիք միջազգային զօրակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն վրայ:

Միւս կողմէ, Պըրրի շաբաթավերջին իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ ինք մտահոգ է Լիբանանի մէջ համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը ի դերեւ հանելու կարելիութենէն: Ան նկատել տուաւ, որ ինք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով ճիգ չէ խնայած, այլ` իր կարելին ըրած է:

Share this Article
CATEGORIES