ՏԱՀԵՇ-ը Լիբանանի Մէջ

dahesh_LebanonԱնցեալ շաբաթավերջին ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը Թրիփոլիէն յայտարարեց, թէ ՏԱՀԵՇ կը գործէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

ՏԱՀԵՇ-ի անդամներէն Ապու Սայաֆ Անսարիի սփռուած ձայնային արձանագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ իրենք ՏԱՀԵՇ-ի իշխան կը նշանակեն շէյխ Ապու Պաքր Պաղտատին:

Անսարի իր խօսքը ուղղեց յատկապէս սիւննի համայնքին` շեշտելով, որ իրենք Լիբանանի մէջ պիտի սկսին գործել, որպէսզի անհաւատներուն դէմ պայքարին:

Անսարի իր խօսքին մէջ լիբանանեան բանակը որակեց «խաչակիրներու բանակ»` աւելցնելով, որ ան կը վայելէ «համաճարակի կուսակցութեան» (Հըզպալլայի) զօրակցութիւնը:

Անսարի հրաւիրեց սիւննի զինուորները լքելու լիբանանեան «խաչակիրներու բանակը»:

Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ իրենք կը գործակցին Քայիտայի «Ապտալլա Ազզամի փաղանգներ» թեւին հետ, որպէսզի դիմադրեն սիւննիներուն դէմ պայքարող իրանեան կուսակցութեան դաւադրութիւններուն դէմ:

Անսարի կոչ ուղղեց Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին Աստուծմէ վախնալու եւ իրենց կռնակէն չհարուածելու:

Անսարի իր ձայնագրութիւնը աւարտեց յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պաշտօնական բանբերը պիտի ըլլայ Ապու Օմար Մուհաժիրին, որ մօտիկ ապագային այլ յայտարարութիւններով ելոյթ պիտի ունենայ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին լիբանանցիները ընդհանրապէս եւ սիւննի համայնքի զաւակները յատկապէս զգուշացուց բոլոր այն յայտարարութիւններէն, որոնք Լիբանանը կ՛ուզեն միջամուխ դարձնել դատապարտելի եւ մերժելի պատերազմներու:

«Լիբանանցիները եւ սիւննիները կը մերժեն Լիբանանի կամ շրջանին մէջ Հըզպալլայի եւ Քայիտայի միջեւ բռնկելիք հաւանական պատերազմի մը մաս կազմել», ըսաւ Հարիրի:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիները եւ սիւննի համայնքի զաւակները կը մերժեն, որ քաղաքացիները ըլլան այս խենթ պատերազմին թիրախները, ինչպէս նաեւ կը մերժեն ազգային եւ իսլամական միասնականութեան վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները:

Հարիրի նշեց, որ փաստեր կան, թէ կասկածելի այս յայտարարութիւնները, որոնք կը կատարուին ծայրայեղականներու կողմէ, Դամասկոսի ոճրային վարչակարգին կը պատկանին եւ անոնց հիմնական նպատակն է Լիբանանը հրկիզել` ծառայելու համար սուրիական վարչակարգին:

Հարիրի նշեց, որ իմաստուն եւ ազգային ոեւէ լիբանանցի, ինչ համայնքէ որ ըլլայ ան, պիտի մերժէ այդ կոչերուն անսալ, ինչպէս որ կը մերժէ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի պատերազմը:

ՄԻՒՍ կողմէ, «Մուսթաքպալ» օրաթերթը յայտնեց, որ Ապու Սայաֆ Անսարիի ձայնը կրող արձանագրութիւնը սփռուած է պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանէն եւ ոչ թէ Թրիփոլիէն:

Share this Article
CATEGORIES