Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Տիրացաւ «Թաթա Սթիլ»-ի Մրցաշարքի Տիտղոսին
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Վիյք Աան Զիի (Հոլանտա) մէջ տեղի ունեցած «Թաթա Սթիլ»-ի միջազգային մրցաշարքին, երէկ կատարեց իր 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը` Լոյեք Վան Վելիի դէմ (Հոլանտա):
Թէեւ Արոնեան այս մրցումին պարտուեցաւ, սակայն ան արդէն իսկ 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք դարձած էր անհասանելի եւ բնականաբար ապահոված տիտղոսը` առանց սպասելու վերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն:
Հայրենի կրանտմասթըրը մրցաշարքը աւարտեց 8 կէտով, մինչ անոր ետին գտնուողները ապահովեցին 6,5-ական կէտ:
CATEGORIES Մարզական

