Բարերարները Ինչպէ՞ս Կրնան Բաւարարել Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Բազմաթիւ Կարիքները
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Քոլկէյթի համալսարանի բանասիրական գիտութիւններու փրոֆեսէօր Փիթըր Պալաքեան վերջերս գրած էր վերլուծական յօդուած մը` հետեւեալ վերնագիրով. «Խզուած կապ. հայկական գործարար համայնքը եւ մշակոյթի կերտումը»:
Պալաքեան իր յօդուածին մէջ ափսոսանք կը յայտնէ, որ ամերիկահայ համայնքը չյաջողեցաւ աջակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ցուցահանդէսին` Իլինոյի Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ, 2015-ին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին:
«Արարատ լերան ստուերը. Հայոց ցեղասպանութիւնը» անունը կրող ցուցահանդէսը պէտք էր ներկայացուէր ոչ միայն Իլինոյի Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ, որ երկրորդ մեծագոյն նման հաստատութիւնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ նաեւ` ամբողջ երկրի մէջ, կարելի է նաեւ` Եւրոպայի ու Հարաւային Ամերիկայի մէջ:
Պալաքեան իր հիասթափութիւնը կ՛արտայայտէ, որ Շիքակոյի հայ համայնքը չկրցաւ հաւաքել նիւթական ապահովութեան համար անհրաժեշտ 600 հազար տոլարը, որուն պատճառով նախատեսուած ցուցահանդէսը չեղեալ նկատուեցաւ: Անոր կարծիքով, այս երեւոյթը «ընդհանրապէս կ՛արտացոլացնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական համայնքին կողմէ մշակոյթ ստեղծելու մեծ անյաջողութիւնը, որով ես նկատի ունիմ` օգտագործել նիւթական միջոցները մշակութային գործեր յղանալու եւ արարելու համար»: Պալաքեան կը կարծէ, թէ ամերիկահայերը «ամերիկեան տարողութեամբ գրեթէ ոչինչ ունին ցուցադրելու մշակութային արժէքներու բնագաւառին մէջ»: Բացի որոշ բացառութիւններէ, «հայերը չեն ստեղծած ամերիկեան տարողութեամբ մշակութային հիմնադրամներ, թանգարաններ եւ կատարողական արուեստի կեդրոններ»:
Պալաքեանը կը դժգոհի, որ` «Հայկական գործարար համայնքը չկրցաւ իրականութիւն դարձնել Հայոց ցեղասպանութեան կամ հայոց պատմութեան այլ դէպքերու մասին գեղարուեստական շարժանկար մը: Ան կը մէջբերէ հրեայ դասախօս մը, որ իրեն ըսած է. «Կը թուի, թէ կապը խզուած է հայ գործարարներու եւ արուեստագէտներու միջեւ. գործարարները չեն հասկնար, որ ներդրումները արուեստի բնագաւառի մէջ կը նշանակեն ներդրումներ` հայ քաղաքակրթութեան գոյութեան շարունակականութեան մէջ: Համայնքի մշակոյթին մէջ ներդրում ընելը պէտք է ընկալուի իբրեւ հայ ժողովուրդի անցեալի եւ ներկայ գոյութեան գովերգութիւն, բան մը, որ թուրք չարագործները կը փորձէին ջնջել: Ասիկա, ի հարկէ, հրէական արուեստի մէջ հրէական բազմաթիւ ներդրումներու փիլիսոփայութիւնն է: Ասիկա` «Հիթլերը գրողի ծոցը ուղարկելու» մօտեցում է»:
Թէեւ ես կը կիսեմ Պալաքեանին մտահոգութիւնները, սակայն պիտի ուզէի որոշ լրացուցիչ միտքեր արտայայտել այս կարեւոր նիւթին առնչութեամբ.
1.- Հայ բարերարներուն մեծ մասը կը նախընտրէ իր աւանդը ներդրել եւ անունը կապել շօշափելի ծրագիրներու հետ, ինչպիսիք եկեղեցիներն ու դպրոցներն են, եւ ոչ թէ` վերացական ձեռնարկներու, ինչպէս հանրային կապերն ու արուեստն են: Սակայն բոլորը պէտք է գիտակցին, որ մեծահարուստ հայերը իրաւունք ունին իրենց դժուարութեամբ վաստակած դրամը ծախսելու այնպէս, ինչպէս իրենք կը կամենան: Ատիկա իրենց դրամն է եւ իրենք կ՛որոշեն` ինչպէս ծախսել զայն:
2.- Հայկական սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքները այնքան վիթխարի են, որ գործնական գետնի վրայ անգամ առատաձեռն բարերարներու համար անհնար է բաւարարել բոլորին պահանջները:
3.- Չկան հաստատուած մեքենականութիւններ համայնքի կարիքներու առաջնահերթութեան սահմանման եւ ըստ արժանւոյն գնահատման համար: Բարերարներն ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները խեղդուած են խնդրանքներով` շարժանկարներու, հրատարակութիւններու, արուեստի գործերու, Հայաստանի օգնութեան, յուշարձաններու, յուշահամալիրներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ մանկատուներու ֆինանսաւորման համար: Շատ քիչ բարերարներ ժամանակ եւ փորձառութիւն ունին գնահատելու համար բազմաբնոյթ ոլորտներէ ներկայացուող ծրագիրներու որակն ու օգտակարութիւնը:
4.- Երբեմն ծրագիրները կը ֆինանսաւորուին ոչ թէ ըստ իրենց արժանիքներուն, այլ` նուիրատուի եւ ստացողի միջեւ անձնական յարաբերութիւններու հիման վրայ: Անիկա կրնայ կախեալ ըլլալ անկէ, թէ ով է խնդրատուն:
5.- Թէեւ հայերը բաւական առատաձեռն են իրենց համայնքի կազմակերպութիւններուն աջակցելու գործին մէջ, սակայն խնդրանքները յաճախ կը գերազանցեն առկայ դրամական միջոցները: Կարելի չէ անուանել կարիքի թէկուզ մէկ ոլորտ, որ բաւարար չափով կը ֆինանսաւորուի, ներառեալ` հասարակական, մշակութային, կրօնական, քաղաքական, մարզական եւ մարդասիրական գործունէութիւնները: Կարելի՞ է արդեօք ըսել, որ դրամական միջոցները բաւարար են, որպէսզի կարենանք`
– Տպագրել այն բոլոր գիրքերը, որոնք արժանի են հրատարակման:
– Թուայնացնել հին ձեռագրերը եւ արժէքաւոր արխիւային նիւթերը` նախքան անոնց ընդմիշտ կորուստը:
– Արտադրել մասնագիտական նկարահանուած գեղարուեստական եւ վաւերագրական շարժանկարներ` Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ թեմաներով:
– Ֆինանսաւորել Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ծրագիրները:
– Միջոցներ տրամադրել ընտրութեան համար` քաղաքական թեկնածուներու, որոնք կը սատարեն հայկական հարցերուն:
– Հովանաւորել համերգներ, գեղարուեստական ցուցահանդէսներ, թանգարաններ, բժշկական, գիտական եւ այլ արժանի անհամար ծրագիրներ:
– Բաւարարել սուրիահայերու գոյատեւման եւ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի աղքատներու եւ անապահովներու կենսական կարիքները:
Ի հարկէ, նուիրատուները կրնան շատ բան ընել համայն հայութեան անվերջ թուացող կարիքները հոգալու համար: Այնուամենայնիւ, նախ պէտք է ստեղծել մեքենականութիւն մը` ճշդելու համար զանազան կարիքներու առաջնահերթութիւնները, գնահատելու անոնց արժանիքները եւ պատրաստելու մասնագիտացած ծրագիր` նուիրատուին ներկայացնելու համար: Վերջապէս, նուիրատուութիւնը ստանալէ ետք պէտք է ներկայացնել պարբերական հաշուետուութիւններ նուիրատուին ծրագիրին յառաջընթացին վերաբերեալ` ցոյց տալով, որ տրամադրուած միջոցները պատշաճ ձեւով ծախսուած են խոստացուած նպատակներուն հասնելու համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

