Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Մատրիտ Պայքարը Կը Շարունակուի Ուժգին Ձեւով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Սպանիոյ մէջ առաջին երեք դիրքերուն միջեւ կէտերու տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` նկատի ունենալով, որ Պարսելոնա, Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Ռէալ Մատրիտ յաղթանակներ արձանագրեցին:

Գերմանիոյ մէջ, ուր ձմեռնային ամիս մը տեւած արձակուրդէն ետք խումբերը վերսկսան իրենց մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ, իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ իր եւ Պայէր Լեւերքուզընի միջեւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 10-ի:

Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ պարագլուխի դիրքերուն վրայ գտնուող Եուվենթուս եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն թէեւ բաւականացան հաւասարութեամբ, սակայն մնացին իրենց դիրքերուն վրայ:

Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.

ԻՏԱԼԻԱ. 21-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

 
Նափոլի – Քիեւօ Վերոնա 1-1
Լացիօ Ռոմա – Եուվենթուս 1-1
Հելաս Վերոնա – Ա. Էս. Ռոմա 1-3
Քալիարի – Ա. Սէ. Միլան 1-2
Ինթեր Միլան – Քաթանիա 0-0
Լիվորնօ – Սասուոլօ 3-1
Փարմա – Ուտինեզէ 1-0
Սամտորիա – Պոլոնիա 1-1
Թորինօ – Աթալանթա 1-0
Ֆիորենթինա – Ճենովա 3-3
 

ՖՐԱՆՍԱ. 22-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

 
Կենկան – Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-1
Աժաքսիօ – Սոշօ 1-1
Մոնփելիէ – Նիս 3-1
Նանթ – Ռեմ 0-0
Վալանսիեն – Լորիան 1-1
Լիլ – Ռենն 1-1
Լիոն – Էվիան 3-0
Պորտօ – Սենթ Էթիեն 2-0
Մոնաքօ – Մարսէյ 2-0
 

ՍՊԱՆԻԱ. 21-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

 
Ռէալ Մատրիտ – Կրանատա 2-0
Ռէալ Վայատոլիտ – Վիարէալ 1-0
Վալենսիա – Էսփանիոլ 2-2
Սեւիլլա – Լեվանթէ 2-3
Սելթա Վիկօ – Ռէալ Պեթիս 4-2
Ալմերիա – Կեթաֆէ 1-0
Օսասունա – Աթլեթիքօ Պիլպաօ 1-5
Ռայօ Վայեքանօ – Աթլեթիքօ Մատրիտ 2-4
Պարսելոնա – Մալակա 3-0
 

ԱՅՍՕՐ

 
Ռէալ Սոսիետատ – Էլչէ 23:00
 

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

 
Պորուսիա Տորթմունտ – Օկզպուրկ 2-2
Ֆրայպուրկ – Պայէր Լեւերքուզըն 3-2
Նիւրեմպերկ – Հոֆընհայմ 4-0
Շթութկարթ – Մայնց-05 1-2
Վոլֆսպուրկ – Հանովըր-96 1-3
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Հերթա Պերլին 1-0
Մէօնշընկլատպախ – Պայէրն Միւնիխ 0-2
Վերտըր Պրեմըն – Պրաունշուեկ 0-0
Համպուրկ – Շալքէ 0-3
Share this Article
CATEGORIES