Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբը Յաղթանակով Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումները, երբ տեղի ունեցան 12 ճակատումներ` չորս խմբակներուն մէջ:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, երէկ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ երեք արժէքաւոր կէտով վերադարձաւ հիւսիսէն, ուր Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0) յաղթեց Շեքքայի:
ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը նշանակեց Յակոբ Գուճանեան (63-րդ), իսկ երկրորդը` Ճոնի Գոնճեան (70-րդ):
Հիւր խումբը` ՀՄԸՄ, կոլ նշանակելու աւելի շատ առիթներ ունեցաւ, սակայն անոնք բոլորն ալ չհասան իրենց նպատակին, եւ նշանակուեցաւ միայն երկու կոլ:
Մասնաւորաբար յիշատակելի են Քրիսթիան Թէյմունեանի կողմէ կորսուած կոլի մէկ-երկու առիթները, որոնք դժբախտաբար չարդիւնաւորուեցան:
Յամենայն դէպս, խումբին արձանագրած այս արդիւնքը կարելի է նկատել գոհացուցիչ եւ յուսալի է, որ յաջորդ մրցումներուն խումբը աւելի յաջողի կոլ նշանակել եւ ինքզինք պարտադրել իր մրցակիցներուն վրայ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Շապապ Արապի, որ նախանցեալ օր 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Հարըֆ Ըրտէ Խէյրիէն:
Իսկ այս խմբակին երրորդ եւ վերջին մրցումին, ՀՄՄ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Ամալ Թրիփոլիին:

