ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ – Մեծ Ֆութպոլի Արդիւնքներ. Մեսրոպեան Տիրացաւ Տիտղոսին

 

I

II

IIIՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մեծ ֆութպոլի աւարտական հանգրուանը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 25 յունուար 2014-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Մրցումները ընթացան սուր մրցակցութեան պայմաններու մէջ, մասնաւորաբար կիսաւարտական մրցումին, ուր հաւասարութիւնը պարտադրեց մրցող երկու կազմերուն` Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին եւ Մեսրոպեան վարժարանին դիմելու անխուսափելի փենալթիներուն: Մրցումներու աւարտին մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան եւ Նազօ Հապիպեան:

Ստորեւ` շաբաթ օրուան մրցումներուն արդիւնքները.

Հարպոյեան – Շամլեան 4-0
Եղիշէ Ման. – Հայ Աւետ. Ք. 2-3
Արսլանեան Ճեմարան – Մեսրոպեան 0-0 (2-1` փենալթիներով)
Հայ Աւետ. Ք. – Հարպոյեան 0-5
Հարպոյեան – Մեսրոպեան 4-7
Աւարտական` Արսլանեան Ճեմարան – Մեսրոպեան 0-2
Share this Article
CATEGORIES