Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր գործերը դասաւորեցէք` նկատի առնելով նաեւ մանրամասնութիւնները, որոնք նոյնքան կարեւոր են հարցը կատարեալ ընելու համար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մնացէք ձեր որոշումին վրայ` առանց մտահոգուելու կամ կասկածելու: Վստահեցէք ձեր կարողութեան, գիտցէք, որ բարի գործը միշտ կը յաջողի:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այս նոր տարին ունի բաւական լաւ կարելիութիւններ ձեր փափաքները իրագործելու: Առանց աճապարելու` պիտի կարենաք նոր իրագործումներ յաջողցնել եւ ուրախանալ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր մտադրութիւնը պիտի ունենայ դրական արդիւնք: Այս մասին մի՛ արտայայտուիք ո՛չ մօտիկին, ո՛չ ալ հեռուի բարեկամին: Անակնկալ թող մնայ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դրամատնային պարտականութիւն ունիք, հարկ է երթալ եւ տեսնուիլ պատասխանատուին հետ: Հաշիւները պէտք է յստակ մնան, կը շահիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արդէն բացուած է ծրագիրներուն ճամբան, հետեւեցէք անոր` ըստ կարելւոյն: Շնորհիւ ձեր հետեւողական աշխատանքին եւ կամքին` ամէն հարց պիտի դիւրանայ լաւ իրագործումներով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարիք չկայ յոռետես ըլլալու, որովհետեւ վաղը նոր արեւ մը պիտի ծագի: Կեանքին ելեւէջները բնական են, հետեւաբար յոյսը կրնայ փրկել ձեզ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բարեկամներով շրջապատուած օր մը պիտի ունենաք: Պիտի մոռնաք ձեր հոգերը, որովհետեւ հիանալի մթնոլորտ պիտի ստեղծուի ձեր շուրջը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խմբական աշխատանք մը ունիք, ջանացէք համերաշխ մթնոլորտ ստեղծել ձեր շուրջը, կատարուելիք աշխատանքին յաջողութեան համար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յոյսը լաւագոյն դարմանն է մտահոգութիւնները հեռացնելու: Օրը ունի հաճելի պահեր` ձեր սիրած աշխատանքները իրագործելու համար:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ նոր պաշտօն մը առաջարկուի ձեզի, սիրով ընդունեցէք, որովհետեւ կրնաք յառաջիկային ձեր ծրագիրներուն նոր ճամբայ բանալ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ բարիք մը ընէք, ակնկալութիւն մի՛ ունենաք: Անկեղծ տրամադրութեամբ կատարուած որեւէ գործ դիւրութեամբ կը պսակուի եւ կը վարձատրուի:

Share this Article
CATEGORIES