50 Տարի Առաջ (28 Յունուար 1964)

Հայ Կեանք

Եթովպիա Կը Մեծարէ
Հայ Կրօնաւորի Մը Յիշատակը

Դ. Դարուն Հայ Մը Ներմուծած Է
Քրիստոնէութիւնը Եթովպիա

«Եթովպական դրոշմաթուղթեր կ՛անմահացնեն կարգ մը կրօնաւորներ…»: Այս խորագրին տակ Եթովպիոյ կարեւորագոյն թերթերէն անգլիատառ «Վոյս աւ Իթիոփիա» օրաթերթը իր 1963 դեկտեմբեր 14-ի թիւին մէջ կու տայ լուր մը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք հայ հասարակութեան:

«Եթովպիոյ կայսերական կառավարութեան փոստ-հեռագրական նախարարութիւնը հրատարակած է դրոշմաթուղթեր, որոնք կ՛անմահացնեն կարգ մը եկեղեցական ղեկավարներ` Եթովպիոյ երկարամեայ պատմութեան մէջ:

«Չորրորդ դարու սկիզբներուն Եթովպիոյ մէջ առաջին անգամ քրիստոնէութիւնը ներմուծող հայ եպիսկոպոսը` Ապունա Սալամա, մէկն է այդ հոգեւոր առաջնորդներէն, որ մաս կը կազմէ այս դրոշմաթուղթերուն»:

 Հայ Երգչուհիի Մը Նուագահանդէսը
Տալլասի Մէջ

«Տը Տալլաս Մոռնինկ Նիւզ» թերթը կը գրէ.

Ռընէ Շերանեան-Կոց, որ քնարահար եւ միաժամանակ երգչուհի է, Տալլասի Գեղարուեստից թանգարանին մէջ նուագահանդէս մը տուաւ:

Շերանեան-Կոց քնարահարութիւնը ուսած է Մարսել Կրանճանիի մօտ` համաշխարհային համաբաւի տէր քնարահար մը, եւ աւարտած է Նիւ Եորքի Ճիւյըրտ վարժարանը:

Ան նմանապէս համբաւաւոր երգիչներու մօտ մարզած է իր ձայնը, եւ ապա որպէս ֆուլպըրայթ սքոլըրշիփի սան` Գերմանիա ղրկուած է օփերային երգեցողութիւնը սորվելու համար: Աւստրիական կառավարութիւնը զինք նոյնպէս վարձատրած է:

Հայ արուեստագիտուհին նուագահանդէսներ տուած է թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Եւրոպայի մէջ:

Ան որպէս քնարահար մենակատար` մասնակցած է համաշխարհային բազմաթիւ փառատօներու:

Ան նմանապէս օփերայի որպէս գլխաւոր մեներգչուհի` շրջագայած է Մ. Նահանգներու մէջ: «Ամերիկայի ձայն»ը միշտ օգտագործած է քնարի ընկերակցութեամբ իր հայկական երգերուն սկաւառակները: Ան այժմ կ՛ապրի Տալլասի մէջ, ուր երգ եւ քնարահարութիւն կ՛ուսուցանէ:

Ֆրանսական Թելեվիզիոնը
Սարոյեանի Մասին

«Ընթերցումներ բոլորին համար» շարքին մէջ ֆրանսական պատկերասփիւռը չորեքշաբթի իրիկուն ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի երկու վերջին գործերը:

Սարոյեան շատ բան կը կորսնցնէ իր ինքնատիպ ոճէն երբ թարգմանուի, այդ պատճառով երբեք հարազատ չեն կրնար ըլլալ իր վէպերը, ցորչափ անոնք կարդացուին ֆրանսերէն: «Ամերիկերէնի» յատուկ դարձուածքներ ունի, որոնց հմայքը միայն իր բնագրին մէջ կարելի է զգալ». այս չի նշանակեր, թէ թարգմանութիւնները յաջող չեն, ընդհակառակն, Սարոյեանի գրականութեան մէկ կարեւոր մասը իր ինքնատիպ լեզուն է:

Մաքս Փոլ Ֆուշէ շատ յաջող կերպով վերլուծեց Սարոյեանի գրականութիւնը ընդհանուր կերպով` ծանրանալով մասնաւորաբար անոր տաղանդին յատկանիշներուն վրայ: Յիշելով այս ամերիկացի գրողին հայկական ծագումը` Ֆուշէ շեշտեց, թէ իր վերջին վէպին մէջ (որ կը թուի ինքնակենսագրութիւն մը ըլլալ) «Աղջիկներու եւ տղոց միջեւ», Սարոյեան շատ յաջող կերպով ներկայացուցած է ամերիկացի զոյգի մը ընտանեկան ու մտերմական կեանքը` երեւան հանելու համար ի վերջոյ` թէ աւելի քան ոեւէ ուրիշ ազգ, ամերիկացի այրը ու ամերիկացի կինը ամուսնանալով` երկու առանձնութիւններ միացած են առանց դադրելու առանձնութիւններ մնալէ, եւ այր ու կին կը միանան միայն ուիսկիին շուրջ կամ անկողնին մէջ, կռիւներէն ետք կրկին կռուելու համար ուիսկիին եւ անկողնին դադարներէն ետք:

Մաքս Փոլ Ֆուշէ իր եզրակացութեան մէջ յիշեց Փոլ Վալերիի յայտնի մէկ խօսքը` «Այր մարդուն առանձնութիւնը աւելցնելու համար Աստուած կինը ստեղծեց»:

Հայերուն Կը Պատկանի
Բազմազաւակութեան Մրցանիշը

Բազմազաւակութեան մրցանիշը կը պատկանի Հայաստանի: Արդարեւ, մեր երկրին մէջ կը գտնուին ամէնէն աւելի շատ «Հերոսուհի մայր տիտղոսին արժանացած կիները:

Միւս կողմը, Երեւանի թերթերուն համաձայն, Հայաստանի մէջ ներկայիս կ՛ապրին 17,000 երկարակեացներ, որոնցմէ մէկը` Աննա Յարութիւնեան, տօնած է իր 113-ամեակը: Ունի 58 թոռներ եւ ծոռներ: Աննային քոյրը` Խանում, ապրած է 120 տարի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES