Հրանդ Տինք, Նամակի Մը Արձագանգ Եւ Հակազդեցութիւն

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Վերնագիրը հետաքրքրական թուելու փափաք չի փառասիրեր: Կը ջանայ շաղկապել անհատի մը սպանութիւնը միւս երկու իրականութիւններուն հետ:

Մելինէ Անումեան Տինքին մասին իր յօդուածը կը սկսի Տինքէն առնուած մեր հողերու մասին ծանօթ բնաբանով («Ասպարէզ», դեկտեմբեր 21, 2013): Յօդուածագիրը ոչ մէկ ակնարկութիւն կ՛ընէ  մէջբերուած խօսքին մասին, բայց պիտի ուզէի հաւատալ, թէ չի բաժներ հոն արտայայտուած գաղափարը: Ինչ որ կը մղէ մեզ այս յօդուածին անդրադարձ կատարելու, ինչպէս նաեւ` Տինքի հաստատումին համարկումը ընելու ներկայ քննարկումին մէջ, կու գան Մ. Անումեանի ակնարկութենէն Թաներ Աքչամի բացատրութեան, թէ թուրքերը փորձած էին Տինքի նահատակութիւնը  կատարել Թալէաթի սատակման ընդհանուր բեմադրութեան մանրամասն կրկնութեամբ: Որքան ալ ճիշդ թուին, եւ նմանութիւններ չեն պակսիր, բայց երկուքին միջեւ կան նաեւ կարեւոր ու ակներեւ տարբերութիւններ:

Նախ` բաղդատականը ճիշդ չէ: Թալէաթի սատակումը կը հանդիսանար ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջման պատիժը:  Թալէաթը, իթթիհատականները եւ թուրք ժողովուրդը,ի հեճուկս ներկայի պնդումներուն թէ այդպէս չէ, Ցեղասպանութեան իրականացնողներն էին: Թալէաթի սատակումը, ինչպէս նաեւ միւս իթթիհատական ղեկավարներուն մաքրագործումը որոշողը կուսակցութիւն մըն էր եւ արարքին ծրագրողներն ու իրագործողները մօտ տասը, տասնհինգ անձերէ անդին չէին անցներ: Հրանդի սպանութիւնը կազմակերպած էին թուրք պետութեան անվտանգութեան ու գաղտնի սպասարկութեանց աշխատողները` թուրք պետութեան գիտակցութեամբ: Ծրագրողները ընտրած էին պատանի լակոտ մը` որպէս բլթակը պրկող ոճրագործ, այլապէս ոճրագործը այդքան արագ կերպով չէր ձերբակալուեր: Հիմնական եւ ամէնէն նշանակալից տարբերութիւնը` գործողութեան վայրն էր: Պերլինը հայոց մայրաքաղաքը չէր կամ` Հայաստանի մեծագոյն քաղաքներէն մին, օտար էր ու օտարներով բնակուած քաղաք: Պոլիսը Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքն է` թուրքերով բնակուած: Ուրեմն Հրանդին սպանութեան ոճիրը ընտանեկան ապահով ու… տաքուկ միջավայրի մէջ էր կայացած: Բեմադրութիւնը յաջող էր ու կատարուած` հարազատ հանդիսականներու ջերմ ներկայութեան եւ… գուրգուրոտ, խրախուսիչ ու ներողամիտ նայուածքին տակ: Արարքը կատարուած էր… ապահով միջավայրի մը մէջ եւ հո՛ս է, որ թանձրացեալ ահաւորութեամբ երեւան կու գայ թուրք նկարագիրի յատուկ շերտը:  Թուրքը սքանչելիօրէն խիզախ է, յանդուգն ու քաջ, երբ իր հակառորդը կը մարմնաւորուի տարեցներով, երեխաներով, կիներով ու անզէն անհատներով, կամ` իրենց բանակին մէջ ծառայող, բայց զինաթափ զինուորներով, եւ կամ` թուրք բանակին մէջ ծառայող, իր զինակոչիկի պարտաւորութիւնը լրացնող Սեւան Պալըգճըյով մը` իր հանգիստի պահուն, ու նաեւ` քնացող հայ զինուորով մը, եւ անշուշտ` Տինքով, որուն միակ զէնքը իր… գրիչն էր, որ սարսափեցուցած էր թուրք պետութեան օսմանոֆաշիստ համակարգը: Արդ, թուրքը այս բոլորը կրնայ շատ արմատականօրէն ոչնչացնել` չխնայելով որեւէ դժոխային միջոց` իրագործելու իր ոճիրը: Այս իրականութիւնը կը յիշեցնէ երիտասարդ համալսարանականին ելոյթը Յիսնամեակի օրերուն` հայ համալսարանականներու կազմակերպած ձեռնարկին` «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Պէյրութ: Երիտասարդ ուսանողը իր եւ ուսանողութեան խօսքին մէջ կ՛ընէր ծանրակշիռ, իւրաքանչիւր բառը բոցավառող հրակարմիր ածխակրակ ամբաստանութիւնը` ամբողջ թուրք ժողովուրդին, երբ կը պատգամէր.

«Այն պահուն, երբ թուրք արգանդին մէջ սաղմը կը բեղմնաւորուի, չարիքն է, որ ծնունդ կ՛առնէ»:

Ցեղասպաշտակա՞ն է այս հաստատումը: Վստահաբար ո՛չ: Այդ երիտասարդ տղան կամ ոեւէ այլ հայ ցեղապաշտութեան դէմ ոչ ոքէ շան քարոզ լսելու կարիքը ունէր եւ ունի նաեւ այսօր: Ան եւ միւսները բոլոր պարզապէս հայեր էին ու են, եւ որոնց պապերը բոլոր սպաննուած, հրկիզուած, մորթուած էին թուրք ժողովուրդին կողմէ, պարզապէս որովհետեւ հայեր էին: Եւ երբ իրենց թոռներէն մին Ցեղասպանութենէն յիսուն տարի ետք չարիքը կը տեսնէ թուրքին մէջ, ցեղապա՞շտ պէտք է ըլլայ, թէ՞ անհունօրէն ճշգրիտ ախտանշողը թուրք խառնուածքին ու նկարագիրին: Ի վերջոյ, եթէ թուրքերը 1915-ին ու անկէ ետք ցեղապաշտ չեն, ի՞նչ են հապա:

Տարբերութիւն մը եւս կայ կրկին Հրանդ Տինքին հետ կապուած: Այս անգամ իր յուղարկաւորութիւնն էր, որուն կը մասնակցէին հարիւր հազարաւոր թուրքեր եւ իբրեւ վերջին մեծարանք ու յարգանք Տինքին` պարզուած պաստառներու վրայ սրտառուչ կերպով, հրկիզող տառերով բարբառող` կ՛արտայայտէին զանգուածային սէրն ու խանդաղատանքը.

«Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս` հայեր»:

Շփոթեցնո՞ղ, այս հաստատումը: Ո՛չ: Պարզապէս ուշացած աղաղակն է թուրք ազնուութեան, որ հաստատելու ոչ մէկ դժուարութիւն ունի ոեւէ հայ: Եւ եթէ կարելի ըլլար, 1965-ին այդ երիտասարդը այնքա՜ն խանդաղատանքով, այնքա՜ն սիրով պիտի ողջագուրուէր այդ հարիւրաւոր հազարներու հետ եւ միասնական աչքերէն հոսող ուրախութեան արցունքներուն մէջ խեղդէր այդ ահաւոր խօսքին թելադրած փոխադարձ մախանքը, ոխը եւ նման զգայնութիւններ: Բայց 1915-ի բազմութիւնները նման հաստատում չըրին: Կոտորեցին: Անոնք նման ջերմութիւն ու հարազատութիւնը չեն թելադրեր,  հակառակ անոր որ 600 տարի իրարու հետ ապրած  էինք ու միասին հաց կիսած: Այդ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ապականեցաւ ամէն ինչ` արարչատիպ Մարդը վերածելով անասնական կիրքէ տարուած վայրագ անասունի:

Յիսուն տարի եւ հսկայական թուրք զանգուածը ինքզինք կը վերագտնէ իբրեւ ազնուութեամբ յատկանշուող մա՛րդ եւ նոյն ժամանակի ընթացքին հայ երիտասարդին նոյն մտածումը, նոյն ապրումը նաեւ` այդ զանգուածին մարդկայնութեամբ պայմանաւոր ու սահմանափակօրէն մակարդուած: Ամբողջական մակարդման ու ներման պահը կու գայ, երբ թուրք ժողովուրդը իր պետականութեամբ աշխարհին ու մեզի կը բացայայտէ իր զղջումը ու ներում կը հայցէ մեր նահատակներէն, որպէսզի արմատացած քէնը ամբողջութեամբ սրբուի մեր զուգակշիռ պատմութենէն ու հանգունատիպ սիրով` փոխադարձ վստահութեամբ:

***

Տինքի մասին յօդուածի լոյս տեսնելէն մօտ երեք ամիս առաջ մեր ազգային-քաղաքական կեանքը սկսած էր տակն ու վրայ ըլլալ: Ազգովին ականատես կ՛ըլլայինք անըմբռնելի, ահռելի գործընթացի մը: Անցնող չորս ամսուան տագնապալի շրջանը սկսաւ Հայաստանի նախագահ Սարգսեանի Մոսկուա այցելութեամբ եւ սեպտեմբերի 3-ին կատարած յայտարարութեամբ, թէ Հայաստանը կը միանար Եւրասիական Մաքսային միութեան համակարգին` զիջելով իր ինքնիշխանութիւնը Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ ու Ղազախստանի հետ ստեղծուող անվերծանելի միութեան մը, որուն մասնակիցներէն երկուքը Ազրպէյճանը պաշտպանող պետութիւններ են, եւ հաւանաբար նաեւ` մեր թշնամիները: Չորս ամիս ետք, տարին իր աւարտին հասնելէ շաբաթ մը առաջ, Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուց առեւտրական պայմանագիր մը, որուն իբրեւ հետեւանք Հայաստանը կը ծախէր հայեւռուս քարիւղի ընկերութեան բաժնեթուղթերուն իր ունեցած քսան տոկոսը նոյն ընկերութեան` կարծէք իր լրումին հասցնելով Հայաստանի ինքնամատուցման շուտիկ կամեցողութիւնը: Հայկազն Ղահրիյեանի բնութագրումով, «ըստ [հայեւռուս համաձայնագրի] Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական ու տնտեսական խնդիրները, իրաւասութիւնն ու որոշումներ կայացնելու իրաւունքը պաշտօնապէս անցնում է Մոսկուային»:

Նոյն այդ ժամանակաշրջանին մէջ, նախքան համաձայնագիրի վաւերացումը, մեր ժողովուրդը ինքզինք շատ զարտուղի իրականութեան մը առջեւ գտաւ: Հայրենի մամուլը հրատարակեց Զօրի Բալայեանի նամակը (14 հոկտեմբեր 2013 թուակիր)` ուղղուած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Վլատիմիրովիչ Փութինին: Նամակագիրը կ՛աղերսէր, կը պաղատէր եւ կամ այն, ինչ որ մարդիկ կ՛ընեն իրենցմէ զօրաւորին առջեւ քծնելու պահուն` Ռուսիոյ նախագահին: Անոր կը յիշեցնէր Գիւլիստանի դաշնագիրի կնքման 200-ամեակը եւ այդ առիթով, տարօրինակօրէն, սկուտեղի վրայ դրած թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Ղարաբաղը կը նուիրէր Ռուսիոյ նախագահին: Չէր մտածած, թէ այդ քայլով Հայաստանը կը վերածուէր որձատ պետութեան: Թէ ի՛նչը մղեց Բալայեանը կարծելու, թէ ինքն է տէրը Հայաստանին ու Ղարաբաղին, առեղծուածային գաղտնիք մըն է, որուն վերծանումը պէտք է թողուլ մասնագէտ հոգեբուժներու:

Իրերայաջորդ այդ երեք պատահարներուն ուժգին կերպով հակադարձեց հայրենի ընդդիմադիր մամուլը: Շարք մը հայրենի հրապարակագիրներ, որոնց մէջ Հրանուշ Խարատեան` սքանչելի հայերէնով, եւ Իկոր Մուրատեանը` եղծուած ու որձեւէգ հայերէնով, բայց յանդուգն ու անողոք, անխնայօրէն դատապարտեցին իրականութիւնը: Ի դէպ, ափսոս է Մուրատեանին` իր յօդուածները հաճոյքով ու ջղայնութեամբ կը կարդացուին, որովհետեւ գործածած լեզուն հայերէնէ բացի` ամէն ինչ է:

Ասոնց` վերը յիշուածներու կողքին, բազմաթիւ համախոհներ նոյն ուժգնութեամբ անդրադարձած էին այդ իրականութեան:

Այս օրերուն վկաներն ենք մեր պետականութեան ինքնիշխանութեան չքացման: Անըմբռնելիօրէն պետութիւնը յարմար չտեսաւ այս բոլորը բացատրել, իրազեկել հանրային կարծիքը, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Հայաստանը կքեցաւ այնպիսի պարտքերու տակ, որոնց պատճառով ստիպուած էր ծախել իր բաժնեթուղթերը: Այլ խօսքով, այժմու կառավարութիւնը որոշեց պետական գոյքը, որ իր սեփականութիւնը չէ, ծախել: Եւ դեռ, պետութիւնը ինչո՞ւ նախընտրեց ժողովուրդը յիմարի տեղ դնել` փոխանակ հաշուետու ըլլալու անոր: Թերեւս ծայրայեղ հակադարձը, որուն ականատեսներն ենք, տեղի չէր ունենար. ինչո՞ւ կամ ի՞նչ էր պատճառը, որ կը մղէ այս կառավարութիւնը մութին մէջ թողուլ հանրութիւնը եւ զայն անակնկալի բերել կատարուած իրողութեամբ:

Ատենին, մօտ ութ տարի առաջ, հայրենի պետական դէմքերէն մին Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանի մէջ հանդիպման ընթացքին կը յայտնէր հետեւեալ կարծիքը, թէ` Հայաստանէն պէտք է «մօտ 200,000 մարդ դուրս ելլէ, որպէսզի երկիրը կարենայ ինքնաբաւ ըլլալ ու յառաջդիմել»: Այդ հանդիպումէն ու հաստատումէն անցած է մօտ ութ տարի, իսկ Հայաստանէն արտագաղթողներու, հայրենի տունը լքողներու թիւը եռապատիկն է վերը մէջբերուած թիւին: Այդ յարգելի անձնաւորութիւնը տակաւին պաշտօնի վրայ է, ո՞ր օրուան կը սպասենք կամ ի՞նչ միջոցառումներ կը կիրարկուին այդ ահագնացող վտանգին առաջքն առնելու: Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ այդ զանգուածը լքէ Հայաստանը` օտար ափերը նախընտրելով:  Իրականութիւն է, թէ Ղարաբաղը մեծ թիւով բնակիչ կրնայ ընդունիլ: Եթէ մեր ժողովուրդին համար Հայաստանի սահմանները իրապէս նեղ են, ինչո՞ւ արտահոսքի ուղղութիւնը չփոխել ու չտանիլ դէպի Ղարաբաղ, որուն տարածքը Լիբանանի տարածքէն աւելի մեծ է, բայց բնակչութեան թիւը` Լիբանանի բնակչութեան գրեթէ մէկ տասներորդը: Տակաւին չխօսելով անվտանգութեան նկատառումներու եւ տնտեսական ուժականութեան մասին: Այլ խօսքով, ինչո՞ւ անպայմանօրէն մղել մեր ժողովուրդը անվերաքննելի օտարման` օտարութեան մէջ:

Հայաստանի կառավարութիւնը այդ երկու որոշումները տալէ ետք ինքզինք դրաւ Պրեխթի նկարագրած կացութիւններէն մէկուն մէջ, ուր Արեւելեան Գերմանիոյ Կոմկուսի Կենտկոմը ժողովի մէջ է եւ ժողովուրդին դժգոհութիւնները կը քննարկէ: Յետ մտքերու երկարատեւ ու սպառիչ փոխանակման` ժողովը կ՛որոշէ եւ ի տես երկրի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական քաոսային վիճակին, իբրեւ լուծում կը ներկայացնէ ու ի նպաստ կը քուէարկէ ժողովուրդը… փոխելու առաջարկին:

Չըլլա՞յ թէ Հայաստանի մէջ եւս դժուարութիւնները յաղթահարելու անկարող պետութիւնը որոշած է ժողովուրդը փոխել եւ արդէն իսկ կը գործադրէ այդ որոշումը: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել անոր կրաւորական, պիղատոսավայել կեցուածքը ժողովուրդին արտահոսքի իրականութեան դիմաց: Գերմանիոյ մէջ Պրեխթ մտացածին ժողով մը նկարագրած էր: Հայաստանի մէջ իրաւօրէն ազգակործան ողբերգութեան մը իրագործումն է, որ կը տեսնենք:

***

Ինչո՞ւ այս բոլորին անդրադառնալ, երբ կը տօնենք ՀՅԴ-ի 123-րդ ամեակը: Ժողովուրդը յուսահատեցնելո՞ւ համար:  Այդ չէ նպատակը անշուշտ:

Սփիւռքը ընդհանրապէս լուռ մնաց հայրենիքին մէջ ծաւալող իրականութեան հանդէպ: Արդարացուցիչ պատճառը թերեւս հայրենի ներքին գործերուն միջամուխ չըլլալու բծախնդրութիւնն էր եւ յանկարծական… խլացած ու խլացնող համրութիւնը սփիւռքի շքանշանակիր ասպետներուն, որոնք ժամանակաւոր կերպով կորսնցուցած կը թուին ըլլալ իրենց ազգային բարոյականութեան կողմնացոյցը: Այդ զանգուածէն ակնկալելի էր նման առաձիգ ողնաշար թելադրող լռութիւն: Ինչ որ անհասկնալի կը մնայ, ՀՅԴ-ի զգուշաւոր լռութիւնն է, որ ակնկալուածէն աւելի երկար տեւեց, մինչեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկացացուցչին` Հրանդ Մարգարեանի հաստատումը, թէ` «մեր երկիրը պատերազմի մէջ է եւ… պատերազմի ժամանակ երկրի արեւելումը չի փոխւում, դաշնակիցներին չեն լքում»:  Տարբեր հարցազրոյցի մը ընթացքինշարունակելով իր միտքերը` ան կը յայտնէ. «Հայաստան պէտք է կարողանայ… առաւելութիւններ… ճիշդ ձեւով ապահովել… ապա հնարաւոր է, որ դրանք մի շարք հարցերի… հիմնական լուծում համարուեն… առաջին հերթին անվտանգութեան հարցը… երկրորդը` տնտեսական կեանքի աշխուժացումն է [«Ասպարէզ» 16 դեկտեմբեր, 2013]: Երրորդ հարց ուժանիւթի հարցն է… այս հարցերը ինձ թուում է, հնարաւոր է ապահովել ՄՄ-ի միանալու դէպքում [«Ասպարէզ» 28 դեկտեմբեր 2013]: Միւս անդրադարձը տոքթ. Վիգէն Յովսէփեանի` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէին ներկայացուցիչին կոչն էր հանրութեան, թէ` «իւրաքանչիւր հայ հասկնայ, որ ապազգային… անպատասխանատու ընթացքին դէմ պայքարը պէտք է ըլլայ անվերապահ, անսակարկ եւ ամբողջական», յայտարարելով նաեւ, թէ ներկայ վտանգը վնասազերծելը մեր օրերու «անմիջական հրամայականն է» [«Ասպարէզ», 24 դեկտեմբեր 2013]:

Այս անդրադարձները ուշացած էին, եւ համաձայնագրերը` ստորագրուած: Հետեւաբար շարք մը հիմնական հարցումներ մնացին հարցում եւ իրենք զիրենք կը պարտադրեն` լուսաբանութեան սպասելով.

– Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ պետութիւնը յաջողեցաւ հանրութեան աչքին փոշի ցանել:

– Ինչպէ՞ս յաջողեցան Եւրոմիութեան հետ բանակցային գործընթացը վիժեցնել:

– Ինչո՞ւ պետութիւնը ընտրեց արեւելեան, Եւրասիական թեքումը:

– Ի՞նչն էին Եւրոպական այլընտրանքին պայմանական տուեալները կամ ստորոգելիները, որոնք խրտչեցուցին մեր պետական համակարգը` կառավարութիւն, նախագահ ու Ազգային ժողով:

– Ստեղծուած աղմուկն ու զօրաւոր հակադարձը ընդդիմադրութեան` պարզ խուժանավարութի՞ւն էր, թէ՞ տեղին ու անհրաժեշտօրէն արդարացի:

ՀՅԴ-ն ըլլալով խորհրդարանական կուսակցութիւն` պարտաւոր է վերոյիշեալ բոլոր հարցումներուն պատասխանելու ու բացատրելու, որպէսզի կարենայ պահել ու խորացնել նախ ժողովուրդին վստահութիւնը իրեն հանդէպ եւ ապա` արժեցնել իր առաջնորդողի ու յեղափոխական հնարամտութեամբ յատկանշուող առաքելութիւնը:

Ճի՛շդ է ու պէ՛տք է սգանք Հրանդ Տինքը, Սեւակը եւ «իր քունի մէջ» նահատակուած հայ զինուորը: Անոնց յիշատակը անտեսելու հարց չկայ: Գիտենք, կը ճանչնանք թուրքը շատ լաւ, եւ պէտք չէ յուսախաբ ըլլալ եւ երբեք պէտք չէ զարմանալ, երբ նման դէպքեր կրկնուին:

Բայց,

Երբ հայրենի պետականութեան, մեր մարտիկներու արիւնով ազատագրուած հայրենի հողին, ինքնիշխան հայրենիքի գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ է, անհրաժեշտ է ու պարտաւորեցնող` մեր ժողովուրդը, Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի, արգիլելու այդպիսի ելք մը:  Այդ ելքը բացառուած է եւ սփիւռք-հայրենիք պատասխանատուութեանց սահմանագիծը` ջնջուած:

Մեր գոյութենական օրակարգի յստակացման մէջ ՀՅԴ-ն անփոխարինելի իր որոշումն ու նպաստը ունի, այլապէս ինչպէ՞ս հաշիւ տալ Ռոստոմներու, ու Գարոներու:  Ըսելու, թէ ստեղծուած կացութիւնն ու խնդիրները շատ բարդ էին ու մեր ուժերէն վե՞ր:

Ի՛նչ պիտի պատասխանէր Ռոստոմը այդ ինքնարդարացման:

Ռուբէնն ալ չկայ, որ բացատրէր հարցումը: Մնաց որ` մինչեւ հոն պէտք չէ երթալ:

 

[email protected]

Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )