Ազատ Բեմ – Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Սփիւռքը Կը Մղուի… «Կենսաթոշակ»-ի
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Լիբանանահայ ընկերային-մշակութային եւ ազգային-հասարակական կեանքը, հաւատալ թէ ոչ, ընդունիլ, թէ ոչ, ծածանող ու տատանող վիճակ մը կը բոլորէ, առնուազն իր որակային կամ մակարդակային արժեչափերով:
Ձեռնարկներու ու հաւաքներու թիւին կամ յաջորդականութեան չէ մեր ակնարկութիւնը, քանի անոնք երբեմն զիրար խաչաձեւելու չափ խայտաբղէտ են, այլ` հեռաւոր թէ մօտիկ ապագայի հետ անոնց համեմատութեան, որոնցմէ շատ բան զիջած են այսօրուանները` իրենց զանազան կողմերով եւ երեսներով, ինչպէս`
– Նիւթերու եւ առիթներու ընտրութեան մեծամասնութեան անհրապոյր եւ անհետաքրքիր ըլլալու խորհրդածելի իրողութիւնը
– Յաճախող հասարակութեան մեծամասնութեան նոյնը ըլլալու մտահոգիչ պատկերը
– Դասախօսներու կամ բանախօսներու մեծամասնութեան «ներածուած» ըլլալու անըմբռնելի երեւոյթը
– Երիտասարդ սերունդին մեծամասնութեան տագնապեցուցիչ բացակայութիւնը
– Մասնագիտական ասպարէզներու մեծամասնութեան նկատմամբ անբնական վերաբերմունքը
Այս բոլորը ինչի՞ կ՛առաջնորդեն, եթէ ոչ` թուլացումի ու նահանջի, կրաւորականութեան եւ անտարբերութեան, որոնք սկսած են զգացնել իրենց թանձրութիւնը, դառնութիւնն ու ահաւորութիւնը:
Վերոնշեալ (նաեւ այլ) ազդակներէն իւրաքանչիւրը ունի իր պատճառներն ու հետեւանքները, շարժառիթներն ու ազդեցութիւնները, որոնք կը կարօտին լուրջ քննարկումներու ու վերանայումներու:
Սակայն ամէնէն տարօրինակը այն է, երբ հրապարակային հանդիսութիւններու ու գործունէութիւններու կայացման առիթով «հիւր» զեկուցողներ կը հրաւիրուին կամ կայ հեւք մը զանոնք հիւրընկալելու, կարծես թէ տեղական «ուժեր» չկան, գաղութը ամլացած է կամ համապատասխան թեկնածուներ չկան:
Ճշդենք, ոչ ո՛ք դէմ է Հայաստանէն թէ արտասահմանէն անուանի մտաւորականներ, փորձագէտներ, գիտնականներ կամ հեղինակութիւններ հրաւիրելու, մանաւանդ երբ անոնք իրենց մասնագիտական կալուածներուն մէջ նորարարական են` իրենց մտածողութեամբ, տրամաբանութեամբ եւ աշխարհագիտելիութեամբ:
Կար ժամանակ, երնէ՜կ ժամանակ, երբ լիբանանահայ մտաւորականութիւնը «հիւր» էր ամէնուրեք` իր խօսքը լսելի դարձնելու, իր փորձը փոխանցելու, իր գաղափարները արտայայտելու, իր վաստակը արժեւորելու:
Ի՞նչ կը նշանակեն այս ընդգծումները:
Անշուշտ, լիբանանահայ մտաւորականութիւնը սպառած չէ իր առաքելութենէն, թէկուզ` անոր թիւի նուազումով, բայց կա՞ն, թէ՞ չկան տակաւին արժանաւորներ, որոնք կրնան մեր բեմերուն «զարդ»-երը կազմել` իւրաքանչիւրը իր մարզէն ներս եւ իր կոչումին հարազատութեամբ:
Անցնող տարիներուն եւ յատկապէս վերջին շրջանին, անգամի մը համար հայեացք թող նետուի գաղութային կեանքին վրայ` տեսնելու թէ քանի՞ լիբանանահայ մտաւորական իր մասնագիտութեամբ բեմ բարձրացած է (կամ բարձրացուա՞ծ):
Ասկէ` ուրիշ մտորում մը եւս. ինչո՞ւ լիբանանահայ երիտասարդութեան տեղ չի տրուիր, դեր չի վստահուիր` իր մասնագիտական գծով «մտաւորական» ըլլալու եւ իր նպաստը բերելու հրապարակային ելոյթներով եւ երեւումներով:
Չկա՞ն այդպիսիներ: Կա՛ն: Պէտք է գիտնալ ընտրել եւ քաջալերել, վստահիլ եւ առաջադրել, եւ ոչ թէ բաւարարուիլ հատուկենտ կամ պատահական մասնակցութիւններով եւ կամ գեղարուեստական յայտագիրի մը մէջ դեր տալով (թէեւ այս «ճիւղ»-ն ալ սկսած է խամրիլ):
Ովքե՞ր պիտի ընեն ասոնք:
Միթէ պարզ չէ՞:
Ա՛յն կազմակերպութիւնները, որոնք տակաւին կը յաւակնին հաւատալ հայակերտութեան, սերնդափոխութեան եւ յանձնառութեան սլացքին, նախ` ինքզինքնին վերանորոգելով, ապա` երիտասարդութիւնը յառաջ մղելով:
Ինչո՞ւ այս մտմտուքը եւ ա՛յս հանգրուանին:
Պարզապէս անոր համար, որ կարծես նորոյթ (՞) դարձած է ամէն ինչ Հայաստանին առնչել եւ անկէ ակնկալել գաղութային մեր կեանքը կեդրոնացնելու ու հունաւորելու… կայծը ու խայծը:
Ինչպէս խորհրդահայ, նաեւ անկախական շրջանին բնական ու պարտադիր է, որ սփիւռքահայութիւնը ապրի ու վերապրի հայրենամերձութիւնն ու հայրենակառչածութիւնը, ամրակուռ տարբեր միջոցներով ու կարելիութիւններով, բայց ներելի չէ, որ այդ բոլորը իրականանան սփիւռքի այս կամ այն գաղութի հաշուոյն:
Մեր փնտռածը, պահանջածը ա՛յս է, որ պէտք է ըլլայ նաեւ իւրաքանչիւր հայու, շրջանակի ու գաղութի, եթէ կ՛ուզուի մեզի յատուկ ինքնութիւնն ու գոյութիւնը, պահել, մեր միջավայրային կենդանութիւնն ու կենսունակութիւնը շարունակել, առանց պորտախզուելու հայրենի իրականութենէն:
Դժբախտաբար, ոմանք չեն տեսներ (կամ չեն ուզեր տեսնել) այս մերկապարանոց իրականութիւնը եւ կը կարծեն, բարեմտաբար թէ անգիտակցաբար, սփիւռքին կու տան ուժ, կորով ու լիցք, տեսակաւոր «պատիւ»-ներ ընելով, առանց անդրադառնալու, որ այդ ձեւով կարելի չէ սփիւռք պահել կամ զօրակցիլ անոր:
Այս անհամութեան եւ անհեթեթութեան կրկնուողութեան տենչը, անկախաբար սփիւռքի նկատմամբ «անլրջանալու» դիտաւորութենէն, արդեօք «շքանշանաբաշխ» կողմերը չի՛ մղեր հասկնալու, թէ ոչ բոլոր պարագաներուն ատոնք բարենիշ, չափանիշ ու խորհրդանիշ են, մնաց որ` անգամի մը համար լսելու են հայ հասարակութեան տեսակէտը այս մասին…:
Իսկ սփիւռքը պէտք է հեռու մնայ Հայաստանը նկատելէ լոկ իր զգացականութեան աղբիւրը, որ գովելի ըլլալով հանդերձ, ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է այլեւս մնալ այդ հորիզոնականին վրայ, ի դէմս պետականութեան մը, որուն այնքան պէտք ունեցած ենք եւ ունինք:
Այն տպաւորութիւնը սկսած է ձեւաւորուիլ ու դրսեւորուիլ, որ այս ընթացքով սփիւռքը հետզհետէ կը մղուի «կենսաթոշակ»-ի (լիբանանեան ժողովրդային խօսքով` «թախաուիտ»), յատկապէս իր մտաւորականութեամբ ու ազգային գործիչներով: Իսկ ո՞վ կ՛ընդունի այս անփառունակութիւնն ու վարկաբեկութիւնը սփիւռքին նկատմամբ, ատոնք ըլլան ներհայաստանեան թէ արտահայաստանեան կողմեր կամ ձայներ…
Ասիկա մտածել կու տա՞յ, տուա՞ծ է, հայրենական ու սփիւռքեան… ղեկավարներուն:
Պէյրութ, 27 նոյեմբեր 2013
Յ. Գ.- Մենք լիբանանահայ պարունակով ու ակնոցով խորաչափեցինք շարունակուող եւ գործադրուող սովորամոլական այս անհանդուրժելիութիւնը, բայց ատիկա «հասարակաց» է ԲՈԼՈՐ այն հայագաղութներուն համար, որոնք կը գտնուին նոյն վիճակին մէջ եւ նոյն վերաբերմունքին կ՛արժանանան` «կենսաթոշակ»-ային հոգեբանութեան դատապարտելի արմատաւորումով:

