«Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» Կեդրոնը Պիտի Թուայնացնէ «Տի Արմինիըն Ռիվիու»-ի Հաւաքածոն
Ռուբէն Դարբինեանի մտայղացումով եւ նախաձեռնութեամբ 1948-էն ի վեր, որոշ ընդմիջումներով Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Տի Արմինիըն Ռիվիու» հանդէսը հայագիտական նիւթեր հետազօտողներուն համար վաւերական աղբիւր է: Այս հանդէսի էջերուն ստորագրած են ժամանակակից հայ գրականութեան եւ պատմագիտութեան մէջ վաւերական անուններ: Հանդէսի էջերուն կը հանդիպինք ոչ միայն ամերիկահայ, այլ նաեւ սփիւռքահայ եւ հայրենի գիտնականներու պատմաքաղաքական եւ մշակութաբանական բնոյթի աշխատասիրութիւններուն:
Անգլիալեզու այս հրատարակութեան տպագիր տարբերակները, «Ռիվիու»-ի խմբագիր փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան միջեւ կայացած համաձայնութեամբ պիտի թուայնացուին` հանդէսին ամբողջ բովանդակութիւնը տրամադրելի եւ հասանելի դարձնելով ժամանակակից հայագիտութեան խնդիրները ուսումնասիրողներուն:
«Տի Արմինիըն Ռիվիու»-ի հրատարակութիւնը կը հովանաւորէ 2003-ին հաստատուած «Ալիս եւ Հերի Սաչաքլեան-Արմինիըն Ռիվիու հիմնադրամ»-ը:
Յառաջիկայ ամիսներուն «Ազդակ»-ի յարկին տակ կը սկսի «Տի Արմինիըն Ռիվիու»-ի հաւաքածոյի թուայնացման աշխատանքը:

