Ակնարկ. Տունդարձն Ու Ժողովրդավարութեան Ամրապնդման Հրամայականը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Այս տարուան 1 յունուարէն սկսեալ Ռուսիոյ մէջ ուժի մէջ մտան «Ռուսիայէն ելքի եւ Ռուսիա մուտքի մասին» եւ «Ռուսիոյ մէջ օտարերկրեայ քաղաքացիներու իրաւական կարգավիճակի մասին» դաշնակցային օրէնքներուն մէջ կատարուած փոփոխութիւնները: Այսուհետեւ, առանց մուտքի արտօնագիրի Ռուսիա մուտք գործելու իրաւունք ունեցող պետութիւններու, ներառեալ` Հայաստանի քաղաքացիները իւրաքանչիւր 180 օրուան ընթացքին կրնան Ռուսիոյ տարածքին մէջ մնալ միայն 90 օր:
Հայաստանի գաղթականութեան պետական ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ վերոնշեալ երկիրներու քաղաքացիները Ռուսիոյ մէջ 90 օր գտնուելէ ետք այլեւս չեն կրնար Ռուսիոյ սահմանը կտրել եւ անմիջապէս վերադառնալ, ինչպէս նախապէս կ՛ընէին: Ծառայութիւնը զգուշացուց, որ «անհրաժեշտ է հաշուի առնել, որ վերոյիշեալ կարգը խախտողներուն համար սահմանուած է Ռուսիա մուտք գործելու արգելք` 3 տարուան ժամկէտով»:
Տասնամեակներէ ի վեր Հայաստանի բազմահազար քաղաքացիներ իրենց ընտանիքներուն ծախսերը հոգալու համար ապօրինի կերպով կ՛աշխատին Ռուսիոյ մէջ: Ըստ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան, 2012-ի առաջին կիսուն դրամատուներու ճամբով Հայաստան փոխանցուած գումարներուն 80 առ հարիւրին (շուրջ 707.4 միլիոն տոլար) աղբիւրը Ռուսիան է: Այդ գումարը Հայաստանի համախառն ներքին արտադրութեան աւելի քան 16 առ հարիւրը կը կազմէ եւ 12 առ հարիւրով աւելի է, քան 2011-ին փոխանցուած գումարը:
Ռուսիոյ մէջ բնակող հայերուն թիւը կը գնահատուի 2-2.5 միլիոնով: Անոնց մեծամասնութիւնը Ռուսիոյ քաղաքացիներ են, ուստի այս օրէնքը անոնց չ՛առնչուիր, սակայն վստահաբար նկատառելի թիւով հայեր պիտի ստիպուին վերադառնալ Հայաստան, ուրկէ գաղթած էին անգործութեան կամ եկամուտի անբաւարարութեան պատճառով: Այստեղ մտահոգիչը անոնց պարտադիր տունդարձին միայն տնտեսական հետեւանքը չէ:
Պէտք չէ մոռնալ, որ արտագաղթը խորքին մէջ նաեւ Հայաստանի մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական վիճակին նկատմամբ դժգոհութեան եւ այդ կացութիւնը բարեփոխելու անկարողութեան արտայայտութիւն մըն է:
Ռուսիոյ մէջ իրենց ապահոված եկամուտէն զրկուելով հայրենիք վերադառնալէ ետք` Հայաստանի վերոնշեալ քաղաքացիներուն մօտ այդ դժգոհութիւնը առաւել եւս պիտի աճի եւ բնականաբար իր արտայայտութիւնը գտնէ երկրին ներքին կեանքին մէջ: Անհրաժեշտ է առնուազն այդ դժգոհութիւնը բնական կերպով արտայայտելու ժողովրդավարական մեքանիզմներ ապահովել, որպէսզի ատոր արտայայտութիւնը «անբնական» կերպով տեղի չունենայ:
Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ընկերային-տնտեսական օրակարգով բողոքի ցոյցեր սկսած են տեղի ունենալ (փոխադրամիջոցներու սակի բարձրացման եւ կենսաթոշակներու պարտադիր կուտակային համակարգին դէմ): Այդ ցոյցերուն մասնակիցները անոնք են, որոնք չեն կրցած կամ չեն ուզեր երկրէն գաղթել: Ռուսիայէն վերադարձող գաղթականները պիտի գան ուռճացնելու այդպիսի ցոյցերու մասնակիցներուն շարքերը: Երկրին ներքին կայունութեան ապահովման համար անհրաժեշտ է ժողովրդավարութիւնը ամրապնդել, որպէսզի ընկերային-տնտեսական կացութեան դէմ դժգոհութեան արտայայտութիւնը լսելի եւ ազդու դառնայ եւ իբրեւ այդպիսին` շինիչ պարունակի մէջ արտայայտուի: Այս պարտականութիւնը նախ եւ առաջ Հայաստանի իշխանութիւններունն է, սակայն նաեւ ընդդիմութեանը, որ պէտք է իշխանութիւններուն համոզիչ այլընտրանք մը ըլլայ:

