Սուրիոյ Մէջ Ազրպէյճանցի Մը Եւս Սպաննուած Է

AzeriԱզրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ ազրպէյճանցի իսլամական զինեալ մը եւս սպաննուած է:

Իսլամական զինեալները իրենց կայքէջին վրայ տեղադրած են սպաննուած ազրպէյճանցի զինեալին լուսանկարը:

Կը հաղորդուի, որ «Մոհամետ» կեղծանունը կրող ազրպէյճանցին սպաննուած է Սուրիոյ կանոնաւոր բանակին հետ բախումներու ընթացքին: Սպաննուածին անունն ու ծննդավայրը չեն նշուիր:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակի սրումին զուգահեռ հարիւրաւոր ազրպէյճանցիներ մեկնած են Սուրիա` սրբազան պատերազմի մասնակցելու համար:

Մինչեւ հիմա Սուրիոյ մէջ աւելի քան հարիւր ազրպէյճանցի զինեալներ սպաննուած են:

 

Share this Article
CATEGORIES