Պրազիլցի Կին Հետազօտողը Մտադիր Է Ապացուցել, Որ Հիթլեր Ապաստանած Է Պրազիլ

Ատոլֆ Հիթլեր
«Վեսթի» կը գրէ, որ բոլորին ծանօթ է, որ Ատոլֆ Հիթլեր 30 ապրիլ 1945-ին անձնասպանութիւն գործեց` հասկնալով, որ Գերմանիան Համաշխարհային Բ. պատերազմին պարտութեան մատնուած է: Սակայն պրազիլցի տոքթորայի աստիճանի թեկնածու Սիմոնի Ռենէ Կերէյրօ Տիասի կարծիքով, իրականութիւնը այլ է:
Ան իր գիրքին մէջ այլ տարբերակ ներկայացուցած է. գերմանացի բռնակալը փախչած է Պրազիլ եւ այնտեղ ապրած կեղծ անունով` մինչեւ 95 տարեկան:
«Հիթլեր Պրազիլի մէջ. անոր կեանքն ու մահը» գիրքին հեղինակը կը վստահեցնէ, որ Հիթլեր ապրած է Պոլիվիոյ սահմանակից փոքրիկ քաղաքի մը մէջ: Այնտեղ ալ մահացած է 1984-ին: Իր գրածները հետազօտողը կը հաստատէ լուսանկարներով: Նախքան Պրազիլի մէջ բնակութիւն հաստատելը` Հիթլեր, ըստ անոր, պահուըտած է Արժանթինի եւ Փարակուէյի մէջ:
Պրազիլցի կին հետազօտողը կը կարծէ, որ Հիթլեր պարզապէս Մաթու Կրոսու նահանգ չէ ուղղուած: Ան իբրեւ թէ ունեցած է պահուած գանձերու գտնուած վայրի քարտէսը: Հիթլեր զայն ստացած է Վատիկանի մէջ իր դաշնակիցներուն շնորհիւ:
Կասկածներ չյառաջացնելու համար Հիթլեր, ըստ հեղինակին, ամուսնացած է Քութինկա անունով սեւամորթ կնոջ հետ: Պրազիլի մէջ ան պահուըտած է Ատոլֆ Լայփցիկ անունով: Տեղւոյն բնակիչները նախկին բռնակալը «ծեր գերմանացի» անուանած են:
Հետազօտողը կը պատրաստուի ծինային շարք մը փորձաքննութիւններ կատարելու` իր տեսութիւնը հաստատելու համար: «Տի.Էն.Էյ.»-ի նմուշները ան պիտի վերցնէ Հիթլերի ժառանգորդներէն, որոնք կ՛ապրին Իսրայէլի մէջ: Ան արդէն արտօնութիւն ստացած է «ծեր գերմանացիի» դիակին արտաշիրիմման համար:

