«Իրան Պիտի Մեծցնէ Զինուորական Պիւտճէն` Ի Պատասխան Քերրիի Հնչեցուցած Սպառնալիքներուն» Ըսաւ Լարիժանի

Ալի Լարիժանի

Ալի Լարիժանի

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտարարած է, որ Իրանի խորհրդարանը մտադիր է աւելցնել զինուորական պիւտճէն` ի պատասխան Ուաշինկթընի կողմէ շարունակուող զինուորական սպառնալիքներուն:

«Բոլորը լսած են Քերրիի ելոյթը եւ անոր քարոզչութիւնը` իսլամական հանրապետութեան դէմ պատերազմելու մասին, եւ մենք պէտք է գիտակցինք տուեալ յայտարարութեան ամբողջ կարեւորութեան ու գործնական միջոցառումներու ձեռնարկենք», յայտարարած է Լարիժանի` քննադատելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի յայտարարութիւնը:

Ճոն Քերրի 23 յունուարին «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած իր հարցազրոյցին մէջ նշած էր, որ եթէ Թեհրան հիւլէական ծրագիրի մասին համաձայնութիւնները խախտէ, ապա զինուորական տարբերակը անպայման պիտի ընդգրկուի օրակարգի վրայ:

Share this Article
CATEGORIES