Էրտողանի Դուստրը Ներքաշուած Է «Մեծ Կաշառք»-ին Մէջ

Սումէյա Էրտողան
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` «Մեծ կաշառք»-ի մէջ յայտնուելէն ետք, այժմ նոյն գայթակղութեան մէջ յայտնուած է անոր դուստրը` Սումէյա Էրտողան:
Ոստիկաններուն մօտ յայտնուած են վարչապետի դստեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները գործարար Մուսթաֆա Լիաթիֆ Թոփպաշի հետ, որ ծանօթ է իշխանութիւններուն հետ ունեցած իր լաւ յարաբերութիւններով:
Հեռաձայնային հաղորդակցութենէն յստակ կը դառնայ, որ գործարարը Իզմիրի մէջ 8 առանձնատուն կառուցած է, սակայն նահանգապետ Ճահիթ Քիրաճ շինութիւնները ապօրինի ճանչցած է եւ պահանջած զանոնք քանդել: Գործարարը Սումէյա Էրտողանին դիմած է, որմէ ետք նահանգապետը պաշտօնանկ եղած է:
Համացանցին վրայ յայտնուած է Էրտողանի դստեր եւ գործարարին միջեւ երկրորդ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որմէ յստակ կը դառնայ, որ Սումէյա Էրտողան գործարարէն երկու առանձնատուն նուէր ստացած է:
Սումէյա Էրտողան ըսած է, որ մօր հետ նայած են առանձնատուները եւ շատ հաւնած են, սակայն խնդրած է անոնց մէջ որոշ փոփոխութիւններ կատարել:
Վարչապետին կինը պահանջած է պատ կառուցել լողաւազանին մօտ, որպէսզի դրացիներէն ոչ մէկը տեսնէ լողացողները:

