Եգիպտոսի Զինուորական Խորհուրդը Սիսիի Նախագահութեան Թեկնածու Ներկայանալուն Համաձայն Է

Մարաջախտ Ապտելֆաթթահ Սիսի

Մարաջախտ Ապտելֆաթթահ Սիսի

Եգիպտոսի զինուորական խորհուրդը երէկ նիստ մը գումարեց` նախագահութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ապտելֆաթթահ Սիսիի, քննարկելու համար Սիսիի Եգիպտոսի նախագահութեան թեկնածու ներկայանալու հարցը:

Խորհուրդը զօր. Սիսիի հրաժարականը ընդունեց եւ անոր նախագահութեան թեկնածու ներկայանալուն համաձայն գտնուեցաւ: Զինուորական խորհուրդի այս որոշումին հրապարակումէն ետք, Եգիպտոսի փոխվարչապետ Զիատ Պահա ներկայացուց իր հրաժարականը: Յայտնենք, որ խորհուրդը նաեւ մարաջախտի կոչում շնորհեց Սիսիին:

Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր կիրակի օր յայտարարեց, որ ճամբու քարտէսի բարեփոխումէն ետք, նախագահական ընտրութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ տեղի պիտի ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES