Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ Լիբանանի վրայ շրջանային զարգացումներուն հետեւանքները:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի միւֆթի շէյխ Պաքր Ռիֆայի յայտնեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ձերբակալուած շէյխ Օմար Աթրաշ կը մերժէ անձնասպանական գործողութիւնները եւ Սուրիոյ տագնապին զինեալ մեղսակցութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մաալուլայի մայրապետները առեւանգող խմբաւորումը կը պահանջէ Ռումիէի բանտի բոլոր արգելափակեալներուն ազատ արձակումը:
ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսը շեշտեց, որ առանց քրիստոնեաներու կառավարութեան կազմ մը հակասահմանադրական կը նկատուի: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ այս կամ այն քաղաքական ուժը պատժել:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ քրիստոնեաները խորապէս մտահոգ են Սուրիոյ մէջ զիրենք թիրախ դարձնելու իրականութեան առումով:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը պէտք է իր առաջին ժողովին իսկ Նաամէի աղբանոցին այլընտրանք ապահովէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էտմոն Ռըզք շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է իրենց թմբիրէն արթննան եւ մերժեն երկրին մէջ տեղի ունեցող զաւեշտը:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը շրջանային հարց է` նկատի ունենալով, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութեան հրաւէրը յետս կոչուած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու առումով իրենք նշանակեալ վարչապետէն պատասխանի մը կը սպասեն, այլապէս` իրենք կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ հարց տուաւ, որ արդեօք պէ՞տք է կասեցնել երկրին քաղաքական ընթացքը, պարզապէս անոր համար, որ քաղաքական ուժ մը կը մերժէ կառավարութեան կազմութիւնը հերթագայութեան սկզբունքով իրականացնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ իրենք կը բարձրացնեն չափաւորականութեան կարգախօսը եւ կը մերժեն ծայրայեղականութիւնը` ո՛վ որ ալ դրսեւորէ զայն, որովհետեւ ծայրայեղականութիւնը ուղղակի իրենց գաղափարին դէմ է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ իրենց ջանքերը կը շարունակեն` համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներուն համաձայն, Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը առանց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կառավարութիւն մը պիտի չկազմեն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի Ռիատ կատարած այցելութիւնը ուղղակիօրէն կապ կրնայ ունենալ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հետ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը փափաքի, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կազմուի, եւ այդ իմաստով խուսանաւումներ չի կատարեր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

