«Օմանի Հետ Տնտեսական Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը Կարեւոր Է» Շեշտեց Վրէժ Սապունճեան

Սապունճեան` Լիբանանեան-օմանեան գործարարներու համախմբումի պատուիրակութեան հետ

Սապունճեան` Լիբանանեան-օմանեան գործարարներու համախմբումի պատուիրակութեան հետ

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ճարտարարուեստի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանեան-օմանեան գործարարներու համախմբումի խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Շատի Մասաատի եւ Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան Հուսամ Տիապի:

Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան դրուատեց Տիապի ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այս հանդիպումը:

Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ Օմանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը պէտք է ամրապնդել` նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES