Պըրրի Ընդունեց Բրիտանական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը

Բրիտանացի խորհրդարանականներ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց բրիտանական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով ինք իր կարելին ըրած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի հետ իր հանդիպումին ընթացքին ամերիկացի դեսպանը փոխանցած է, որ Ուաշինկթըն կը քաջալերէ Լիբանանի մէջ կազմութիւնը համախոհական կառավարութեան մը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հըզպալլա:
CATEGORIES Լիբանանեան

