Ապատի-Ժոմպլաթ Հանդիպում
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ երեկոյեան ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ժոմպլաթ դարձաւ Ապատիի ընթրիքի հիւրը: Ընթրիքէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Իրան կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ համախոհական կառավարութիւն կազմուի` մաղթելով, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն կարելի ըլլայ համախոհական այդ կառավարութեան կազմութիւնը իրականացնել:
Ժոմպլաթ ըսաւ, որ պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Լիբանան կը գտնուի նախագահական ընտրութիւններու սեմին եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն դէմ գործուած ահաբեկչական արարքներէն ետք անհրաժեշտ է Լիբանանի նկատմամբ զօրակցութիւնը ամրապնդել, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը այս կամ այն կողմին կամ համայնքին միջեւ խտրութիւն չի դներ:
«Անկասկած Իրան յարմար ժամանակին իր հիմնական դերակատարութիւնը պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ մեծ պետութիւններուն հետ` Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով», ըսաւ Ժոմպլաթ` կարեւոր նկատելով Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի այն յայտարարութիւնը, թէ Սուրիայէն բոլոր ուժերուն հեռացումը պիտի պահանջուի:
«Ասիկա յիշողութեանս մէջ կ՛արթնցնէ չորս ամիս առաջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ կատարուած այն նախաձեռնութիւնը, որուն հիման վրայ Սուրիայէն պիտի հեռացուի նաեւ լիբանանեան միջամտութիւնը: Հետեւաբար, Ռուհանիի եւ Պըրրիի տեսակէտները գրեթէ նոյնանման են», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ «Անպա» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ ողջունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերջին կեցուածքը, որուն մէջ ան մերժեց Հըզպալլայի եւ Քայիտայի միջեւ տագնապին մէջ սիւննի համայնքին ներգրաւումը:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Հարիրիի այս կեցուածքին մէջ կը դրսեւորուի անոր իմաստուն տեսակէտը, ինչպէս նաեւ ազգային պատասխանատուութիւնը, յատկապէս այն պահուն, երբ ներքին լիբանանեան թէ շրջանային առումով զգայուն կացութիւն մը կը տիրէ, իսկ ահաբեկչութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Հարիրիի կողմէ ուղղուած հանդարտութեան կոչերը շատ կարեւոր են, եթէ զանոնք բաղդատենք պաշտպանութեան նախարարութեան դիմաց կատարուած նստացոյցին հետ, որուն ընթացքին պահանջուած էր տակաւին հարցաքննութեան հանգրուանին մէջ գտնուող արգելափակեալին ազատ արձակումը:
Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Եգիպտոսը թիրախ դարձնող ահաբեկչութիւնն ու պայթումները:

