Մանսուր. «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովին Արտասանած Խօսքիս Մէջ Պարբերութիւն Մը Աւելցուցի` Պատասխանելու Համար Ժարպային»

Մանսուր եւ Փլամպլի

Մանսուր եւ Փլամպլի

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր:

Անդրադառնալով Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան եւ այդ այցելութիւնը Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առնչուող քննարկումներու ծառայեցնելու առումով մեկնաբանութիւններուն` Մանսուր շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա իր կատարած այցելութեան նպատակն էր Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը զուտ լիբանանեան քաղաքական աշխատանք է` մաղթելով, որ այդ աշխատանքը անյապաղ կատարուի:

Միւս կողմէ, Մանսուրի այցելեց նաեւ լրագրողներու պատուիրակութիւն մը, որուն հետ ունեցած իր զրոյցին մէջ Մանսուր յայտնեց, որ ինք իբրեւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար երկրին ընդհանուր շահերը նկատի ունեցած է եւ երբեք չէ խզած Լիբանանի չէզոք դրութիւնը:

Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման զինք չէ յանդիմանած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին վրայ պարբերութիւն մը աւելցնելուն համար:

Մանսուր յայտնեց, որ ինք այդ պարբերութիւնը աւելցուցած է պատասխանելու համար սուրիական ընդդիմութիւնը ներկայացնող Ահմետ Ժարպային, որ Դիմադրութիւնը ահաբեկչութիւն որակած էր:

«Եթէ Ժարպա Մուսթաքպալ հոսանքին, Փաղանգաւոր կամ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մասին ալ ահաբեկչութիւն որակումը տար, ես անկասկած նոյն կեցուածքը պիտի որդեգրէի: Լիբանանի կառավարութիւնը իր հրաժարած վիճակով իսկ աշխատանքային ծրագիր մը ունի, եւ կարելի չէր լուռ մնալ Դիմադրութեան դէմ կատարուած այդ ցեխարձակումին ի տես», ընդգծեց Մանսուր:

 

Share this Article
CATEGORIES