Նախագահ Սլէյման Եւ Զօր. Քահուաժի Հաստատեցին, Որ Բանակը Կը Վարուի Օրէնքին Եւ Ազգային Շահերուն Համաձայն

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, յատկապէս Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքին իրավիճակը:
Նախագահ Սլէյման զօր. Քահուաժիի հետ քննարկեց նաեւ բանակին կատարած ձերբակալումներուն եւ հետաքննութիւններուն ընթացքը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ բանակը կը վարուի օրէնքին եւ լիբանանեան ազգային շահերուն համաձայն, ինչպէս նաեւ ճիգ չի խնայեր պահպանելու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Նախագահ Սլէյման եւ բանակի հրամանատարը ընդգծեցին, որ բանակին հարցաքննութիւնները կը կատարուին դատական իշխանութիւններուն հսկողութեամբ եւ կատարեալ բծախնդրութեամբ ու թափանցիկութեամբ:
«Հետեւաբար, եթէ կարգ մը անհատներու կողմէ սխալներ արձանագրուած են, կարելի չէ զանոնք վերագրել հաստատութիւններուն, որոնք երկրին ապահովական կայունութեան եւ բոլորին իրաւունքները երաշխաւորելու ողնասիւնը կը կազմեն», շեշտեցին նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնատար Մարուան Շարպել: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ, որ նախագահին ներկայացուց ընկերութեան կողմէ պատրաստուած ծրագիր մը, որուն մէջ նշուած էր դէպի եւրոպական եւ արաբական երկիրներ յաւելեալ թռիչքներ կատարելու կարելիութիւնը:
Միւս կողմէ, «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ եթէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամին ժխտական պատասխան մը տրուի, ապա իրենք պիտի փութան կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը:

