Շէյխ Աթրաշի Ձերբակալութեան Հարցով. Ֆատել Ընդունեց Իսլամ Կրօնաւորներու Պատուիրակութիւն Մը
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել երէկ հանդիպում մը ունեցաւ իսլամ կրօնաւորներու պատուիրակութեան մը հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շէյխ Օմար Աթրաշի ձերբակալումին ու անոր հարցաքննութեան վերաբերող հարցեր:
Պատուիրակութիւնը Ֆատելին փոխանցեց, որ Օմար Աթրաշի ձերբակալումը կատարուած է շարք մը միջադէպերէ ետք, որոնց թակարդը ինկած էր նաեւ շէյխ Ահմետ Ասսաֆ եւ իր մասին կատարուած ամբաստանութիւնները անճիշդ դուրս եկած էին:
Իսլամ շէյխերը ակնարկեցին նաեւ Քամետ Լաուզի եւ Շթորայի միջադէպերուն, ինչպէս նաեւ շէյխ Աթրաշի ձերբակալումին: Անոնք շեշտեցին, որ Տար Ֆաթուա պէտք էր տեղեակ պահուէր շէյխ Աթրաշի ձերբակալումին մասին:
Իսլամ կրօնաւորներու պատուիրակութիւնը յստակացուց նաեւ, որ նախանցեալ յետմիջօրէին պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցած նստացոյցը հոգեւոր պաշտօնական հեղինակութեան մը հրահանգով չէ կատարուած, այլ ունեցած է ինքնագլուխ բնոյթ:
Շէյխերը ընդգծեցին լիբանանեան բանակին դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ բանակը կը ծառայէ ամբողջ Լիբանանին: Անոնք նկատել տուին սակայն, որ շէյխ Աթրաշի հետ կատարուած հարցաքննութեան արդիւնքները մամուլին եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն սպրդեցնելու քայլը աղաւաղած է Աթրաշի պատկերը:
Ֆատել իր կարգին յայտնեց, որ բանակը խնդրոյ առարկայ անձ մը կը ձերբակալէ, երբ անոր դէմ կասկածներն ու փաստերը նուազագոյնը 70 առ հարիւր եւ աւելի համեմատութեան հասնին:
Նշենք, որ շէյխ Աթրաշի հետ կատարուած հարցաքննութեան արդիւնքները պիտի տրամադրուին դատական իշխանութիւններուն, իսկ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին իսլամ կրօնաւոր մը կամ շէյխ Աթրաշի եղբայրը պիտի այցելեն անոր:

