Էնվեր Փաշայի Թոռը Հայոց Ցեղասպանութիւնը «Հեքիաթ» Որակած Է

Օսման Մայաթեփեք

Օսման Մայաթեփեք

Թրքական «Հապեր7» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Էնվեր փաշայի թոռը` Օսման Մայաթեփեք` խօսելով 1915-ի դէպքերուն մասին, տեղի ունեցածը «հեքիաթ» որակած է:

«Այսինքն` Օսմանեան կայսրութիւնը հարիւրաւոր տարիներ միասին ապրած ժողովուրդի մը դէմ մէկ օրուան մէջ որոշեց ցեղասպանութի՞ւն գործել: Ուրիշ բան ու գործ չունէի՞ն: Ատոր ուրիշ բացատրութիւն չկայ, այդ պատճառով ալ ատիկա ամբողջութեամբ հեքիաթ է», ըսած է ան:

Մայաթեփեք պնդած է, որ հայ-օսմանեան հարցը ընդհանուր պատկերին մէկ մասն էր միայն, եւ տեղի ունեցածը Ռուսիոյ եւ Անգլիոյ դրդումով կատարուած է, եւ այդ բախումներուն ընթացքին թէ՛ հայկական, թէ՛ օսմանեան կողմերուն մէջ ալ ողբերգական իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են:

Էնվեր փաշայի թոռը յայտարարած է, որ այդ «հեքիաթը» յօրինելու հիմնական պատճառը գումարն է:

«Սփիւռքի ներկայացուցիչները հանգիստ կ՛ապրին Փարիզի մէջ, Լոս Անճելըսի մէջ: Հայաստանի մէջ, սակայն, խեղճ ժողովուրդը շրջափակուած է, դէպի ծով ելք չունի, ճամբայ չունի: Տայ Աստուած, Ցեղասպանութեան մասին այս հեքիաթը մէկ կողմ դնելով, ատկէ ազատելով` մեր դրացի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարենանք կարգաւորել, միասին առեւտրական եւ մշակութային որոշ բաներ ընել կարենանք: Մեծ ազգ են հայերը», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES