Օճալան Հայերուն Ուղղուած Երկու Էջերէ Բաղկացած Նամակ Մը Գրած Է

Ապտիւլլա Օճալան

Ապտիւլլա Օճալան

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ քրտական շրջանակներ կը շարունակեն կապ պահել Ապտիւլլա Օճալանի հետ եւ ստանալ անոր պատգամները:

Անցեալ շաբաթավերջին Իմրալը այցելած են Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սըրրը Սիւրէյա Էօնտեր եւ Տիգրանակերտի անկախ երեսփոխան Լէյլա Զանա: Մանաւանդ վերջինիս Իմրալը երթալը շատ լայն արձագանգ գտած է, այնքան որ քրտական շրջանակներ դիտել տուած են, որ ասիկա սովորական ու հերթական այցելութիւններէն մէկն էր պարզապէս: Վերադարձին, անոնք արձագանգ հանդիսացած են Օճալանի կարգ մը արտայայտութիւններուն, ըստ որոնց, ՔԱԿ-ի ղեկավարը ըսած է, որ այլեւս ժամ առաջ պէտք է իրականանայ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւ երկխօսութեան հոլովոյթէն անցք կատարուի դէպի բանակցութեան հոլովոյթ:

Օճալան սպառնալիք մըն ալ ըրած է եւ ըսած, որ եթէ կառավարութիւնը չիրականացնէ այս փոփոխութիւնը, հաշտութեան հոլովոյթը կանգ պիտի առնէ: Օճալանի համար առաջին պայմանը սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է: Օճալանի անունով փոխանցուած պատգամներուն մէջ նշուած է նաեւ, որ Օճալան գրած է հայերուն ուղղուած երկու էջերէ բաղկացած նամակ մը, սակայն այդ նամակը տակաւին վերջնական ձեւ չէ ստացած:

Նախապէս արդէն հաղորդուած էր, որ Օճալան հայերուն ուղղուած նամակ մը պիտի գրէ` բացատրութիւններ տալու համար այն ժխտական մթնոլորտին մասին, որ ստեղծուած էր, երբ Քրտական համայնքներու կուսակցութեան համանախագահ Պեսէ Հոզաթ ստուերային պետութիւններ նկատած էր նաեւ հայերը, յոյները եւ հրեաները: Անոր այս յայտարարութիւնը ընդվզում յառաջացուցած էր փոքրամասնութեանց շրջանակներուն մէջ, եւ Օճալան ըսած էր, որ նամակ մը պիտի գրէ հայերուն:

Այդ նամակն է, որ գրի առնուած է Օճալանի կողմէ, սակայն Օճալան զայն տակաւին չէ յանձնած ու ըսած է, որ նոր ուսումնասիրութիւններ պիտի ընէ այս խնդիրին մասին, եւ անկէ ետք է, որ պիտի հրապարակէ իր նամակը:

Share this Article
CATEGORIES