Ֆրանսահայերը Կը Բողոքեն Հոլլանտի Թուրքիա Այցելութեան Դէմ

France«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փարիզի մէջ` Էյֆելի աշտարակին դիմաց գտնուող Թրոքատերօ հրապարակին վրայ հայերը բողոքի ցոյց կատարած են` ընդդէմ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Թուրքիա այցելութեան եւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան:

Ցոյցին մասնակիցները յիշեցուցած են, որ Թուրքիա կը շարունակէ իր ժխտողական դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ: «Թուրքիոյ մէջ մինչեւ օրս կը հրաժարին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մենք դէմ ենք Թուրքիոյ` Եւրոպա մուտք գործելուն: Ո՛չ թրքական ուժին, ո՛չ` քանի տակաւին թուրքերը չեն ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: 100-ամեակ մը եւս պատրաստ ենք շարունակելու մեր պայքարը մեր` իրաւունքը ստանալու համար», գոչած են ցոյցին մասնակիցները:

Փարիզէն բացի բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է նաեւ Մարսէյի մէջ: Այստեղ ցուցարարներու շարքին եղած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ երկօրեայ այցելութեամբ Թուրքիա մեկնեցաւ: Այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի քննարկել երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու եւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցեր:

Հոլլանտ պիտի այցելէ Պոլիս եւ Անգարա: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը յայտնած էր, որ Հոլլանտ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Հրանդ Տինքի այրիին` Ռաքել Տինքի հետ: Ըստ թրքական «Կերճեքկիւնտեմ» կայքէջին, Հոլլանտի Թուրքիա այցելութեան օրակարգին վրայ է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

Ֆրանսայի նախագահներէն վերջինը, որ Թուրքիա այցելած է, Ֆրանսուա Միթերանն է` 1992-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES