«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ընդգրկումը Իբրեւ Բանակցային Կողմ Վաղուց Հասունցած Խնդիր Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ բանակցութիւնները այս ձեւով շատ հեռու չեն կրնար երթալ:

Մանոյեան ընդգծեց, որ վաղուց ժամանակն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իբրեւ լիիրաւ կողմ մասնակցի բանակցութիւններուն, եւ միջնորդ կողմերը առնուազն ատիկա պէտք է ապահովեն` իբրեւ զսպող մեքանիզմ, Ազրպէյճանին թոյլ չտալով նման վարքագիծ դրսեւորել:

Ան նկատել տուաւ, որ արտաքին դիւանագիտութիւնը փոխելու անհրաժեշտութիւնը յատկապէս յստակ դարձաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն վերջին հանդիպումէն առաջ, երբ Ազրպէյճան զինադադարը խախտեց եւ ներթափանցում իրականացուց:

Անդրադառնալով Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն` Կիրօ Մանոյեան տարակուսանք յայտնեց, թէ ասկէ ետք իմաստ ունէ՞ր բանակցութիւնները շարունակել, թէ՞ պէտք է ընդամէնը ըսել, որ Փարիզի մէջ նախատեսուած հանդիպման նախօրէին Ազրպէյճանի պահուածքը ընդունելի չէ եւ մենք չենք մասնակցիր:

«Չեմ կարծեր, որ հայկական կողմը երբեւէ պիտի մերժէ բանակցութիւններուն մասնակցիլ, որովհետեւ միշտ ցանկութիւն կայ «լաւ» հասկցուելու, յատկապէս` Արեւմուտքին կողմէ: Բայց անհրաժեշտ է նոյն Արեւմուտքին ցոյց տալ, որ իրենց այդ «հաւասարակշռուած» մօտեցումը մեղսակցութիւն է Ազրպէյճանի քաղաքականութեան, եւ անոր համար ալ պէտք է Ղարաբաղի լիիրաւ մասնակցութիւնը ապահովեն», կրկնեց Մանոյեան:

Դաշնակցական գործիչը համոզում յայտնեց, որ թէեւ Ազրպէյճան պատերազմ չ՛ուզեր սկսիլ, բայց պատերազմի վերսկսման կարելիութիւնը կը մեծնայ: «Վստահ չեմ, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ սկսիլ. եթէ ան համոզուած ըլլար, որ յաղթանակ պիտի տանի, վաղուց կը սկսէր, բայց հաւանական է, որ այսպիսի գործողութիւններ կրնան պատերազմի սկսման պատճառ դառնալ: Անհրաժեշտ է, որ միջնորդները յստակ գնահատական տան եւ չթաքնուին կեղծ հաւասարակշռութեան ետին», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Ազրպէյճանի նպատակը բանակցութիւններու տապալումը չէ՞, Մանոյեան համաձայն գտնուեցաւ, բայց ընդգծեց, որ հայկական կողմի քայլերը պէտք չէ բանակցութիւններով սահմանափակուին, եւ պէտք է նախ եւ առաջ արտաքին քաղաքականութիւնը ուղղել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած քայլերուն իրականացման:

«Մեր դիւանագիտութիւնը պէտք է նախաձեռնողական ըլլայ, եւ Հայաստան պէտք է սկսի ուղղակի քայլերու ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման համար», ընդգծեց Մանոյեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան եւ յայտնեց, որ փաստաթուղթերու վերջնական ստորագրումը կրնայ բաւական յստակ ազդեցութիւն ունենալ արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Ըստ Մանոյեանի, Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացումը նոյն աշխուժութեամբ առջեւ պիտի չերթայ իր բոլոր հետեւանքներով: Եւրոպական Միութեան այն շրջանակները, որոնք հակառուսական տրամադրութիւն ունին, ասիկա պիտի մեկնաբանեն իբրեւ Հայաստանի կողմէ Եւրոպայէն հրաժարում, բայց բարեբախտաբար ամբողջ Եւրոպական Միութիւնը այդպիսի գնահատական չի կրնար տալ: Ան աւելցուց, որ անոնք կը հասկնան, որ Եւրոպական Միութիւնն ալ պատասխանատուութեան բաժին մը կը կրէ Հայաստանի հետ բանակցուած փաստաթուղթի չստորագրուելուն մէջ, որովհետեւ իրենք չէին առաջարկեր Հայաստանին այն, ինչին կարիքը ունէր Հայաստան:

Մանոյեան աւելցուց, որ չի կարծեր, թէ այս որոշումը Ղարաբաղի հարցի լուծման հոլովոյթին վրայ ուղղակի ազդեցութիւն կ՛ունենայ: «Մենք պէտք է յիշենք, որ Ռուսիա մեր ռազմավարական գործընկերն է, բայց իր առջեւ խնդիր դրած է` շրջանին մէջ յստակ պահել իր ազդեցութիւնը: Մենք պէտք է միշտ զգուշ ըլլանք», ընդգծեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ի՞նչ կրնայ ընել Հայաստան, եթէ զայն չեն հրաւիրած Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին, Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է հետեւի Սուրիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին` հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան: «Այսպիսի տեսակէտ արդէն հնչած է. լաւ կ՛ըլլար, եթէ Հայաստան մասնակցէր այդ խորհրդաժողովին` իբրեւ շահագրգիռ կողմ: Եթէ ատիկա տեղի չէ ունեցած, ապա մենք պէտք է առնուազն հետեւինք, որպէսզի բանակցութիւններուն մէջ մշտապէս հաշուի առնուին Սուրիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, մասնաւորաբար` հայերունը»:

 

Share this Article
CATEGORIES